
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 10 Մարտին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սեռային բռնութիւնները զսպելու նուիրուած քննարկում մը, «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ։
Զեկոյցներ ներկայացուցին Կլենտէյլի ոստիկանութենէն Քրիսթըֆըր Քլէյ եւ հոգեբոյժ տոքթ. Անի Գարայեան։
Կազմակերպիչներէն Ալիք Ուրֆալեան կը յայտնէ, թէ ձեռնարկին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել սեռային բռնութիւններուն առաջքը առնելու եւ զոհերուն աջակցութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները։
Քրիսթըֆըր Քլէյ խօսեցաւ յատկապէս համացանցին միջոցաւ սկսող անչափահասներուն դէմ սեռային բռնութիւններու տարբեր միջոցներուն մասին, կոչ ընելով ծնողներուն, որ աչալուրջ հետեւին իրենց զաւակներուն համացանցային յարաբերութիւններուն։
Իր կարգին, տոքթ. Անի Գարայեան արտայայտուեցաւ սեռային բռնութեան զոհերուն դիմագրաւած մտային եւ հոգեկան դժուարութիւններուն եւ անոնց օժանդակելու միջոցներուն մասին։
Այնուհետեւ, Քլէյ եւ տոքթ. Գարայեան պատասխանեցին ներկաներու կարգ մը հարցումներուն։