ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր հանդիսացող Ֆրանսան պատրաստակամ է` արձագանգելու Հայաստանի կառավարութեան 14 Մարտի դիմումին եւ ամէն ինչ ընելու, որպէսզի երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօ՝ «Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Յայտնենք, որ պաշտօնական Երեւան յայտարարեց, որ դիմած է ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար:
Ֆրանսայի դեսպանը անգամ մը եւս վերահաստատեց 9 Մարտին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հայ-ֆրանսական համագործակցութեան համաժողովին Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, որուն միջոցաւ ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու կողմերուն՝ վերջապէս գտնելու բոլորին համար ընդունելի պայմաններ եւ խաղաղութիւն հաստատելու:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» կայանի այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի կեցուածքը ի՛նչ է Ատրպէյճանի այն յայտարարութիւններուն նկատմամբ, որ ղարաբաղեան հարց այլեւս չկայ եւ, որ Մինսքի խումբը արդէն ընելիք չունի՝ դեսպանը յայտնեց. «Ես անգամ մը եւս կը խնդրեմ ուշադրութիւն դարձնել պարոն Մաքրոնի պատասխանին, ուրերբ ան կը վստահեցնէ, որ՝ այո՛, հարց կայ եւ այդ հարցին դեռ պէտք է լուծում տրուի»։