ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անդրադարձան 9 Նոյեմբեր 2020ին, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի յայտարարութիւններով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:
Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան նաեւ Հայաստանի կողմէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ուղղուած դիմումին, որ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններու կազմակերպման:
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդները միտքեր փոխանակեցին հայ-թրքական երկխօսութեան, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն եւ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։
Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետին` յառաջիկային Ռուսիա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան վերաբերող հարցեր: