
Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով, «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներուն առցանց հիւրն էր մանկական գրականութեան հեղինակ Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան:
«Սիամանթօ» լսարանը շաբաթօրեայ դպրոց մըն է, որ 13-18 տարեկան պատանիներու կը փոխանցէ հայ մշակոյթը եւ լեզուն: Լսարանին ուսումնական ծրագիրը կ՛առաջորդէ աշակերտները դէպի լաւագոյնը, որպէսզի կարենան հարստացնել իրենց գիտելիքները:
Համաճարակի սկիզբէն ի վեր, լսարանը դարձած է առցանց՝ հնարաւորութիւն տալով արեւելեան նահանգներու պատանիները միացնելու, որպէսզի անոնք ծանօթանան իրարու եւ հայ տարեկիցներու լայն շրջանակով հարստանան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր 3րդ տարուան ուսանողներէն Նարեկ Գասարճեանի պատրաստած թղթակցութիւնը Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեանի հետ կատարուած առցանց հանդիպումին առթիւ.
Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան ծնած է Պէյրութ: Մասնագիտութեամբ դեղագործ է: Ամերիկայի մէջ ընտանիք կազմելով, կը նշմարէ, որ հոս պզտիկները դժուարութիւն ունին հայերէն խօսելու, որովհետեւ գործածելու տեղ չունին: Հետեւաբար, հակառակ անոր որ մանկական գիրք գրելը իր դաշտը չէ, կ՛անդրադառնայ, որ եթէ ինք ճիգ չթափէ, իր զաւակները հայերէն սորվելու առիթ պիտի չունենան: Ահա՛ շատ պարզ կերպով տիկին Սօսէ պատմեց իր չորս մանկապատենկան գիրքերուն ծնունդ առնելուն պատճառը եւ նպատակը.
Ա. «Մամեծին Տաղերը»
Մեծ մամայէն սորված երգերը կը գրէ եւ մոռցածներն ալ երգել կու տայ ու կ՛արձանագրէ: Օր մըն ալ կը մտածէ իւրաքանչիւր երգի քով գունաւոր նկարներ գծել ու ընկերներուն նուէր կը ղրկէ: Շուտով, նոյն ընկերներուն քաջալերանքով, միասին կը մտածեն տպել: Ու կատակով, ըսաւ հիւրը, ահա այդպէս մէջտեղ ելաւ առաջին գիրքը ու այդ երգերուն աւանդութիւնը կը շարունակուի:
Բ. «Գաթային Գաղտնիքը» գիրքը ընտանիքին պատմութիւնն է:
Մեծ մաման ամէն Զատիկի գաթա կը պատրաստէր եւ ընտանիքով անոր մօտ կը հաւաքուէին, ինչպէս յաճախ պատմած էր իր երկու աղջիկներուն՝ Նարինէին եւ Կասիային: Բայց երբ օր մը կը հարցնէ, որ կը յիշե՞ն, թէ մեծ մաման ու մեծ պապան ինչ կ՛ընէին Զատիկին՝ զաւակները կը պատասխանեն. «Մամ, դուն մեզի չես պատմած»: Հոն հեղինակը կ՛անդրադառնայ, որ միայն պատմելով ալ չի պահպանուիր բան մը, ու ահա ծնունդ առաւ «Գաթային Գաղտնիքը», որ գաղտնիք մը չէ, այլ՝ մեծ մօր գաթա պատրաստելու պատմութիւնը, եւ դիւրընթեռնլի դարձնելու համար փորձած է մէկական կարճ նախադասութիւններով գրել: Իսկ հիմա, երբ նոյն հարցումը կը հարցնէ զաւակներուն, անոնք արդէն գիտեն գաթային աւանդութիւնը եւ նկարով եւ խօսքերով իրենց մտքին մէջ պահած են:
Գ. «Իմ Անունս Նայիրի Է»
Օր մը, երբ մեր հիւրին զաւակը՝ Նարինէն, դպրոցէն տուն կը վերադառնայ ու կը հարցնէ. «Մա՛մ, այսօր հայկական տօնը պիտի տօնե՞նք», պատասխանը կ՛ըլլայ՝ «Այսօր հայկական տօն չկայ»: Նարինէի հարցումը Thanksgiving-ի մասին էր: Հեղինակը կ՛անդրադառնայ, թէ պզտիկի միտքին մէջ ամերիկեան եւ հայկական տօներու շփոթ մը կար: Այդ պատճառով կը պատրաստէ «Իմ Անունս Նայիրի Է» գիրքը: Նայիրին հայ աղջիկ մըն է, որ Նիւ Եորք կ՛ապրի եւ ամիսը անգամ մը հայկական եւ մէկ ամերիկեան տօն կը տօնէ: Կարելի եղածին չափ ամէնէն պարզ ձեւով ներկայացուած են հոն տօներու առիթները եւ իմաստը:
Դ. «Ճիճիլի-Պիճիլի Թագուհին»
Հեղինակին չորրորդ գիրքը մէկն է մեծ մայրիկին պատմած բազմաթիւ պատմութիւններէն, որոնք ժամանակին մեծ մաման ամէն օր առատ-առատ կը պատմէր, իսկ իրենք այդ ատեն արժէքը չէին գիտեր: Տարիներ ետք, մարդ կ՛անդրադառնայ, թէ ի՛նչ մեծ արժէք ունին անոնք:
Վերջաւորութեան, տիկին Սօսէ Խտըշեան-Պէրպէրեան աշակերտներուս թելադրեց, որ մեր մեծերուն պատմածները լսելու ժամանակ տանք եւ փորձենք պահել զանոնք:
Ան ծայրէ ի ծայր մեզի օրինակ եղաւ իր տարբեր պատճառներով եւ տարբեր նպատակներով լոյս տեսած գիրքերուն մասին խօսելով: Ան ժառանգ ձգեց իր յաջորդ սերունդներուն, նոյնպէս ալ յոյս տուաւ մեր հայու ապագային եւ պարտականութիւն՝ մեր ուսերուն: