ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները աւարտեցան: Արցախի տեղեկատուական շտաբէն յայտնեցին, որ` նկատի ունենալով կազատարի` 10 օր շարունակ չգործելու հանգամանքը, այժմ կը կատարուին թեքնիք կարգ մը աշխատանքներ կազի պատշաճ եւ անխափան փոխադրումը եւ մատուցումը բաշխիչ ցանցերուն ապահովելու ուղղութեամբ:
«Նշուած աշխատանքներն աւարտելուց յետոյ գազամատակարարումը կը վերականգնուի: Կրկին յորդորում ենք բոլոր բաժանորդներին պահպանել զգօնութիւն, որպէսզի գազամատակարարման վերականգնման պահին գազի արտահոսք ու արտակարգ պատահար տեղի չունենայ», կ՛ըսուի շտաբի տարածած յայտարարութեան մէջ: