Ֆինլանտա 5րդ անգամ ըլլալով նկատուեցաւ աշխարհի ամէնէն երջանիկ երկիրը՝ գլխաւորելով ՄԱԿի կողմէ տնօրինուող World Happiness Report-ի աղիւսակը:
Նշենք, որ ցանկը կազմուած է՝ քննելով 146 երկիրներու քաղաքացիներու կեանքի երկարատեւութիւնը, ընկերային եւ առողջապահական սպսարկութիւնները, երկրին մէջ զեղծարարութիւններու մակարդակը եւ այլ տուեալներ: Ցանկը առաջին անգամ հրապարակուած է 2012ին:
Ֆինլանտայէն ետք կու գան Դանիան, Իսլանտիան, Զուիցերիան, Հոլանտան, Լիւքսեմպուրկը, Շուէտը, Նորվեկիան, Իսրայէլը եւ Նոր Զելանտան: Միացեալ Նահանգները 16րդ դիրքը կ գրաւէ, իսկ Բրիտանիան՝ 17րդ: Ֆրանսա 20րդ դիրքին վրայ է, իսկ Հայաստան, Կովկասի մէջ առաջատար է։
Արդարեւ, Հայաստան կը գրաւէ 82րդ դիրքը, մինչ Ատրպէյճան՝ 90րդ, իսկ Վրաստան 105րդ դիրքին վրայ է։ Ռուսիա 80րդ դիրքին վրայ: Ամէնէն ոչ-երջանիկ երկիրներն են՝ Աֆղանստան եւ Լիբանան: