ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 18 Մարտին, Շուշիի մէջ կազմակերպեցին հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ ՄԱԿին՝ Ատրպէյճանի անդամակցութեան 30ամեակին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակի ներկայացուցիչը:
Այս քայլին հակադարձեց հայկական կողմը՝ դատապարտելով եղածը: Արդարեւ, Հայաստանի մօտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթըրս Եահիան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Հանդիպումին ընթացքին ՄԱԿի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատարին յայտնուեցաւ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակի ներգրաւումը 18 Մարտին Շուշիի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին եւ այդ առնչութեամբ ներկայացուց արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիրը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջեց ՄԱԿէն՝ քայլերու ձեռնարկել՝ վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծիրին մէջ ՄԱԿի չէզոք դիրքորոշումը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա, մեկնաբանելով Շուշիի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին մասնակցութեան վերաբերեալ Երեւանի բողոքը՝ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի «գերիշխան տարածքներուն մէջ» որեւէ ձեռնարկի կազմակերպումը եւ անոր՝ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը չի մտներ Հայաստանի իրաւասութեան մէջ: «Հայաստանի՝ այլ պետութեան ներքին գործերուն միջամտութիւնը անհիմն է եւ անընդունելի», ընդգծեց Ապուլայեւա՝ պնդելով, թէ Շուշին «Ատրպէյճանի հնագոյն տարածքն է»: