ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոնթենեկրոյի Հերցէկ Նովի քաղաքին մէջ կազմակերպուած ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի մինչեւ 14 տարեկան ճատրակիստներու խումբը 14 կէտէն 13 կէտ հաւաքելով նուաճեց արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը:
Նոյն տարիքային կարգի անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն յաջող հանդէս եկաւ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Իսկ Վահէ Բաղդասարեան գրաւեց 3րդ դիրքը: