

ՓԱՍԱՏԻՆԱ, Քալիֆորնիա․- Ուրբաթ, 18 Մարտին, Թաւլեան Ազգային մանկամսուրը ողջունեց ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօն: Հիւրը դիմաւորեցին մանկամսուրի վարիչ Կարին Չուքատարեան եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, ինչպէս նաեւ մանկամսուրի կրթական մարմինի անդամներէն Շանթ Պապուճեան:
«Շատ հաճելի էր այցելել Թաւլեան մանկամսուրը եւ ջերմ ընդունելութիւն ստանալ փոքրիկներէն: Թաւլեան մանկամսուրին մէջ ես գացի տարիներ առաջ, երբ աղջիկներս այս տարիքն էին: Հիմա կը զգամ, թէ ժամանակը որքան արագ անցած է: Շատ տպաւորիչ է հանդիպիլ հիանալի ուսուցիչներուն, որոնք այսպիսի ջերմ միջավայրի մէջ կը դաստիարակեն մանուկները իրենց կանուխ տարիքէն: Անհամբեր կը սպասեմ իմ յաջորդ այցելութեանս, տեսնելու համար, թէ այս հարազատ միջավայրին մէջ ինչպէ՛ս կը շարունակուի մեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը», վկայեց ծերակուտական Փորթանթինօ:
Յիշեցնենք, որ Փորթանթինօ կը ներկայացնէ 25րդ ընտրաշրջանը: Ան մօտիկ բարեկամն է հայ գաղութին եւ իր ընտրութենէն ի վեր, հաւատաւոր կերպով նեցուկ կը կանգնի մեր ազգային դատին: Ան անդամ է ծերակուտականներէ բաղկացած Քալիֆորնիա, Հայաստան եւ Արցախ միացեալ առեւտուրի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յանձնախումբին, որուն ղեկավարն է ներկայիս: Ան քանիցս այցելած է Հայաստան եւ Արցախ: Վերջերս ան բաւական մեծ ջանք եւ աշխատանք թափեց Քալիֆորնիա եւ Հայաստան առեւտուրի գործակցութեան կեդրոն մը հաստատելու համար Երեւանի մէջ: Ան նաեւ նպաստած է վաւերացման բազմաթիւ բանաձեւերու, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատաւոր պայքարողներէն մէկը եղած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցումը մուտք գործէ նահանգային կրթական համակարգին մէջ: Նաեւ յիշենք, որ Քալիֆորնիա Միացեալ Նահանգներում էջ ամէնէն հայահոծ գաղութն է, իսկ 25րդ ընտրաշրջանը ունի յատկանշական թիւով հայութիւն:



Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ հետեւեալ միտքերով դիմեց ծերակուտականին. «Մեծ ուրախութիւն եւ հաճոյք էր մեզի համար դիմաւորել ձեզ մեր ազգային այս կառոյցին մէջ: Մենք համեստօրէն պատուըւած կը զգանք ձեր այցելութեամբ եւ Թաւլեան մանկամսուրին նկատմամբ ձեր ցուցաբերած ուշադրութեամբ․ այնտող պատեհ առիթը ունեցաք անձամբ հաղորդակցելու մեր մանուկներուն հետ: Խնամակալ մարմինին եւ մեր Ազգային վարժարաններուն ու մանկամսուրներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, հայ ազգին նուիրուած բարեկամը ըլլալուն եւ մանաւանդ մեր ազգային շահերը հետապնդող հաւատաւոր ներկայացուցիչ ըլլալնուդ համար»:
Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրը հիմնուած է 1992ին, Փասատինայի մէջ, Քալիֆորնիա: Մանկամսուրը սկսած է իր առաջին կրթական կիսամեակը 4 մանուկներով, ապա 30 տարիներու ընթացքին ունեցած է աւելի քան 2000 շրջանաւարտներ: Մանկամսուրը վաւերացուած է Քալիֆորնիա նահանգին կողմէ, ինչպէս նաեւ National Association for the Education of Young Children (NAEYC) վարկաւորման ընկերակցութեան կողմէ: Մանկամսուրը ծառայութիւն կը մատուցէ 2-5 տարեկան մանուններու ամէնօրեայ կարգով: Ներկայիս ունի 70 ներ եւ 16 ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ:
(Թղթակցութիւնը՝ մանկամսուրէն)