
ՖՐԵԶՆՕ․- Հարաւային Քալիֆորնիայէն եւ Ծովածոցէն խումբ մը հայորդիներ 19-20 Մարտի շաբաթավերջը Ֆրեզնօ այցելեցին՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար 101 տարի առաջ ցեղասպան Թալէաթը ահաբեկած Սողոմոն Թեհլիրեանի նորոգուած յուշարձանին բացումին եւ ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան մասնակցելու համար։
Այցելուները ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Ռաֆֆի Շխրտմեանի բնակարանին մէջ հիւրընկալուեցան Շաբաթ երեկոյեան, իսկ ՀՅԴի հիմնադրութեան 131ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի օր։
Նախ, «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւնը, կնքնահայրութեամբ Ռոզի Պետրոսեանի։
Այնուհետեւ, «Արարատ» գերեզմանատան մէջ գտնուող Թեհլիրեանի յուշարձանին շուքին տակ տեղի ունեցած տօնակատարութեան բացումը կատարեցին ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտները՝ դրօշակի հանդիսաւոր արարողութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նորոգուած յուշարձանին պաշտօնական բացումը։



Հանդիսավար Սեւակ Ճիէրեան ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Սուրբ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանը, որպէսզի կատարէ ձեռնարկի բացման աղօթքը։
Ֆրեզնոյի ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտէն Լենա Օհանեան ներկայացուց երիտասարդութեան խօսքը, իսկ ՀՅԴ Ֆրեզնոյի «Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Ռաֆֆի Շխրտմեան խօսեցաւ Թեհլիրեանի եւ անոր յուշարձանին կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ բացատրութիւններ տուաւ յուշարձանին նորոգութեան աշխատանքներուն մասին։
Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւս ելոյթ ունեցաւ, իսկ օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յարութ Մկրտիչեան, որուն պատգամը կու տանք ստորեւ․
«Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ՝ հայ ժողովուրդի վրիժառու մարտիկին՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի, գերեզմանին շուրջ, որպէսզի նշենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրը: Այս վայրի ընտրութիւնը, անշուշտ, բնաւ պատահական չէր: Դաշնակցութեան օրուան առիթով բեմերէն կամ մամուլով բազմիցս յայտարարուած միտք է, որ մեզի, կուսակցականներուս համար, Դաշնակցութեան օրը մեր ժողովուրդին` մեր համակիրներուն, հաշուետուութեամբ ներկայանալու, անոնց հաշիւ տալու օրն է: Սակաւ խօսուած է սակայն այն մասին, որ Դաշնակցութեան Օրը նաեւ, եւ մանաւանդ, մեր աւելի քան հարիւրամեայ քաղաքական եւ գաղափարական ժառանգութիւնը կենսունակ եւ վառ պահելու յանձնառութեան վերանորոգման տօնախմբութիւնն է: Յաջորդական սերունդներու արիւնով, քրտինքով, տքնաջան աշխատանքով եւ անձնուրաց հերոսներու սխրանքներու օրինակով ստեղծուած քաղաքական եւ գաղափարական հարստութիւն մըն է այս ժառանգութիւնը, որուն տէր կանգնելու յանձնառութիւնը, այսօրուան նման, կը վերանորոգենք ամէն տարի: Եւ ահա մեզի հասած քաղաքական եւ գաղափարական այս ժառանգութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը ունի նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեան՝ մարդը եւ գործը:
«Բայց ինչպէ՞ս գոյացաւ այս ժառանգութիւնը, ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ:
«Թրքական լուծին տակ աւելի քան վեց հարիւր տարուան ստրկութիւնը հայ ժողովուրդէն խլեր էր ամէն բան. հայրենիք, պետութիւն, ազգային գիտակցութիւն, մշակոյթ, բարւոք եւ արժանապատիւ կեանք եւ զարգացում: Տարանջատուած երեք կայսրութիւններու մէջ, մեր ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը մթագնած եւ աղաւաղուած էր՝ դարերու ընթացքին տեղի տալով պարսկահայի, ռուսահայի կամ թրքահայի տեղայնական, երբեմն նոյնիսկ՝ իրարամերժ մտայնութեանց եւ հոգեբանութեանց առջեւ:



«Ազգովին տարանջատ ապրելու բարդութիւններուն վրայ կ՛աւելնար թրքահայոց տառապալի գոյավիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Հայը իր հազարամեայ օրրանին մէջ ջարդելու, հալածելու, կողոպտելու, իր ինչքերէն զրկելու եւ անպատուելու երեւոյթները դարձած էին ամէնօրեայ իրականութիւն:
«Այս տխուր եւ ցաւալի իրականութեան մէջ հրաշք մը միայն կրնար փրկել մեր ժողովուրդը: Իսկ այդ հրաշքը եկաւ ազգասիրութեամբ տոգորուած խումբ մը ազատատենչ հայորդիներու կերպարանքով: Ստրկացած հայու կեանքը յեղափոխելու գաղափարը յղացած գաղափարի այս մարտիկներն էին, որոնք կարճ ժամանակի մէջ իրենց շուրջ համախմբեցին մեր ազգին նուիրեալները, շարժումին տուին գաղափարական նկարագիր եւ զայն կոչեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:
«Ազգային ազատագրական պայքարի այս շարժումով սկսաւ Դաշնակցութեան ազգակերտման եւ հայրենակերտման երթը, հայու հոգիին եւ մտքին մէջ տեղաւորելով ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարը, վերստեղծելով հայութեան ազգային քաղաքական դիմագիծը եւ, վերջապէս, վերականգնելով հայոց պետականութիւնը:
«Հայաստանի անկախութեան տապալումէն ետք, իր ժողովուրդին հետ տարագիր դարձած Դաշնակցութիւնը, հայապահպանման մտասեւեռումով, Սփիւռքի մէջ նախաձեռնեց մեր գաղթօճախները կազմակերպելու եւ կառուցելու գործին, սակայն երբե՛ք չհրաժարելով հայ ժողովուրդի արդար դատի հետապնդման գործունէութենէն:
«Դաշնակցութեան պատմական երթի տարաբնոյթ հանգրուաններու ամբողջութենէն մեզի մնացած քաղաքական գործի եւ մտքի, ազգային գիտակցութեան, գաղափարական արժեհամակարգերու, յեղափոխական տիպարներով փոխանցուած շունչի ժառանգութիւնն է, որուն տէր կը կանգնինք այսօր: Կուսակցութիւնը հիմնադրելու ազգային եւ գաղափարական մտքի խմորումներու օրերէն սկսած, մինչեւ ֆէտայական խումբերու կազմութիւնը, զինեալ պայքարի եւ ապստամբութիւններու կազմակերպումը, մինչեւ կամաւորական խումբերու կազմութիւնը, մինչեւ Սարդարապատով անկախ պետականութեան ստեղծումը, եւ ապա, սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն մէջ մեր ազգային քաղաքական վերականգումի գոյապայքարը եւ մինչեւ իսկ Հայ Դատի հետապնդման բողոքի եւ ցուցական քայլերու խիզախ արարքները, 131ամեայ մեր երթի համայնապատկերը կը կազմեն: Այս երթի իւրաքանչիւր վայրէջքին կամ վերելքին մէջ, իւրաքանչիւր անկիւնադարձին կամ շրջադարձին մէջ քաղաքական իմաստութիւն մը, խորհուրդ մը կայ, քաղաքական եւ յեղափոխական գործի փորձառութիւն մը կայ, գաղափարական հիմնարժէք մը, բարոյական դաս մը, ազգային գիտակցութեան նուաճում մը կայ եւ յարատեւ պայքարի ընդունակ ժամանակի ընթացքին կոփուած կամք մը կայ:

«Ահա այս հարստութիւնն է, որուն ոչ միայն տէր կանգնելու պարտաւորութիւնը ունինք բոլորս այսօր, այլ զայն մեր անկախ հայրենիքի բարգաւաճման եւ մեր պետականութեան հզօրացման ծառայեցնելու մեծ պատասխանատուութիւնը:
«Ժամանակին, Հայ Դատի սահմանումով կը հասկցուէր նաեւ անկախ Հայաստանի վերականգնումը. այսօր ունինք այդ անկախ Հայաստանը, սակայն անցնող երեսուն տարիներուն չունեցանք մեր անկախ պետականութիւնը հզօրացնելու քաղաքական միտքը եւ կամքը ունեցող քաղաքական ղեկավարութիւնը: Այսօր այլեւս դժգոհ չենք, որ անկախ Հայաստան չունինք, ինչպէս որ էինք ժամանակին, այլ դժգոհ ենք, որ զայն ղեկավարող հայրենասէր այրեր չունեցանք, չունինք: Դժգոհ ենք, որ չունեցանք, չունինք, Ժողովուրդը յարգող, համեստօրէն եւ անկեղծօրէն ժողովուրդին սպասարկող, անոր ցաւը զգացող եւ զայն մեղմելու մտատանջութիւնը ապրող գաղափարական ղեկավարութիւնը:
«Մտահոգ ենք, որ մենք մեր անճարակութեամբ հարցերը բարդեցինք այնքան, որ ոմանք համարձակութիւնն անգամ ունենան Հայաստանի պետականութեան անկախութեան պահպանումին մասին կասկածներ յայտնելու:
«Դժգոհ ենք եւ մտահոգ, որ 30 տարուան ընթացքին իրերայաջորդ կառավարութիւնները չկրցան ստեղծել համայն հայութիւնը Հայաստանի մէջ համախմբելու առողջ կռուաններ, որովհետեւ հիները բռնակալներ եւ հարստահարողներ էին իսկ նորերը՝ ապիկարներ:
«Այսօր նոյնիսկ չունինք ազդու եւ կառուցողական ընդդիմութիւն, այլ ունինք աթոռամոլներու խմբակներ, որոնք հայրենիքին շահերը մէկ կողմ նետած՝ կեղծ հայրենասիրութեամբ իրենց կորսնցուցած աթոռներուն վերատիրանալու մոլուցքով կ՛ապրին:

«Դժգոհ ենք, որովհետեւ մեր նահատակներուն արիւնով ազատագրուած հողերը անգամ մը եւս խլուած են մեզմէ: Դժգոհ ենք, որ 30 տարուան ընթացքին բանակի փողերը կողոպտած մարդիկ այսօր նորէն քաղաքական բեմի վրայ են: Դժգոհ ենք, որ չունինք այսօր այն կառավարութիւնը, որ վստահութիւն պիտի ներշնչէր մեզի: Մտահոգ ենք Հայաստանի ղեկավարութեան անփորձութենէն, յատկապէս հայ-թրքական բանակցութիւններուն կապակցաբար:
«Այս բոլորի խորապատկերին վրայ, այսօր բոլորս մեր քաղաքական գնահատականները վերանայելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք: Չենք կրնար շարունակել այն ձեւով, որ գործեցինք եւ խօսեցանք անցնող տասնամեակներուն:
«Գաղտնիք չէ, եւ ճիշդ է, որ այսօր Դաշնակցութիւնը կը դիմագրաւէ կազմակերպական հարցեր: Այդ հարցերը սակայն, որեւէ ձեւով պատճառ պիտի չդառնան, որ մենք մեր երթը չշարունակենք: Որովհետեւ, վստահ ենք, որ բոլոր հարցերը պիտի լուծուին ճշմարտութեան յաղթանակով: Որովհետեւ վստահ ենք ու կը հաւատանք, որ սուտերու շղարշով ծածկուած բոլոր հռետորական եւ ամբարտաւան խօսքերը այլեւս չեն կրնար իրականութիւնները սխալ ձեւով ներկայացնել հանրութեան:
«Մենք՝ իբրեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյց, հարազատ մնալով «ժողովուրդին հետ ժողովուրդին համար» մեր նշանաբանին, պիտի շարունակենք իսկական Դաշնակցական գործը, միշտ հաւատարիմ մեր քաղաքական եւ գաղափարական ժառանգութեան: Պիտի վերադարձնենք Դաշնակցութիւնը իր ակունքներուն՝ հո՛ն ուր ան կը պատկանի: Պիտի գործենք մեր հիմնադիրներուն դաւանած աւանդով եւ պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, ըլլան անոնք ներքին թէ արտաքին գործակալներ, որոնք կը փորձեն Դաշնակցութիւնը ջլատել: Պիտի պայքարինք բոլոր յոռի երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը վտանգեն մեր գաղութին միասնականութիւնը: Պիտի պայքարինք հայրենիքի մէջ բոլոր շահագործող ցեցերուն դէմ, որոնք կը կեղեքեն մեր ժողովուրդը: Պիտի պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը դաւաճանեն մեր հին թէ նոր նահատակներուն արիւնով կերտուած հայրենիքին: Պիտի օժանդակենք բոլոր այն ուժերուն, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, որոնք կը պայքարին այս բոլորին դէմ: Եւ ուրեմն, վստահ ենք որ միասնաբար պիտի յաղթահարենք մեր դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները:
«Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը
«Կեցցէ՛ Հայաստան աշխարհը
«Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»։