ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարզերու աւելի քան 190 հասարակական կազմակերպութիւններ եւ համայնքային ոչ պաշտօնական խումբեր պիտի օգտուին «Եւրասիա» հիմնադրամի հայաստանեան ներկայացուցչութեան ծրագիրի շրջանակներով տրամադրուող աղբիւրներէն եւ վերապատրաստման ծառայութիւններէն:
Ըստ հիմնադրամի տեղեկատուութեան, 130 հազար տոլար յատկացուած է հզօրացնելու 9 կազմակերպութիւններու կարողութիւնները, որպէսզի անոնք աւելի լաւ կերպով նպաստեն տեղական հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիներուն: Անոնք դասընթացներ պիտի կազմակերպեն տեղական հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ մասնակցութեան կարիքներու գնահատման, ծրագիրի զարգացման եւ նիւթական միջոցներու հայթայթման, դիտարկման եւ գնահատման թեմաներով: Կեդրոնները պիտի տրամադրեն նաեւ համացանցային, թարգմանչական եւ պատճէնահանման ծառայութիւններ:
«Եւրասիա» հիմնադրամի կողմէ ընտրուած կազմակերպութիւններն են՝ Քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կեդրոնը, Մարտունիի կանանց համայնքային խորհուրդը, «Կաղնի» ընկերային-բնապահպանական կազմակերպութիւնը, «Յոյսի կամար», Վահագնի XXI քաղաքացիական նախաձեռնութեան կեդրոնը, Գորիսի երիտասարդական միութիւնը, «Նուաճում» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը, Սախարովի անուան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոնը եւ Սիսիանի զարգացման կեդրոնը: