ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Սեպտեմբեր 26ին «Կիլիկիա» առագաստանաւի անձնակազմը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան շքանշաններով:
Նախագահ Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ եռամեայ նաւագնացութեան համարձակ մտայղացումը փայլուն իրականացնելու համար՝ նշելով, որ գնահատանքի արժանի են նաեւ բոլոր անոնք, որոնք այս կամ այն կերպ աջակցեցան այս նախաձեռնութեան:
«Կիլիկիա»ի անձնակազմը նախագահին յանձնեց ճամբորդութեան երրորդ փուլին նաւի վրայ ծածանած եռագոյնը, նաեւ նուիրեց նաւի օրինակ-յուշանուէրը:
Հիւրերը նախագահին պատմեցին դրուագներ նաւարկութենէն՝ նշելով, որ յատկապէս տպաւորուած են Սփիւռքի գաղթօճախներու կազմակերպած ջերմ եւ հանդիսաւոր ընդունելութիւններէն, ինչը օտարերկրացիներու ուշադրութիւնը անգամ մը եւս բեւեռեց Հայաստանի վրայ:
Նախագահ Քոչարեան անձնակազմի անդամներուն հետ քննեց նաւի վերջնական հանգրուանի հարցը եւ այս առնչութեամբ յայտնեց, որ ցանկացած տարբերակի ընտրութեան պարագային կը կատարուի առաւելագոյնը՝ «Կիլիկիա»ն ապահովելու արժանի հանգրուանով:
***
Նախագահ Քոչարեանի՝ Սեպտեմբեր 23ի հրամանագիրով հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու, Կիլիկեան Հայաստանի նաւաշինութեան աւանդոյթները վերականգնելու եւ զայն աշխարհին ներկայացնելու, դժուարին եւ երկարատեւ նաւագնացութեան ընթացքին ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար «Կիլիկիա» նաւի անձնակազմի անդամները պարգեւատրուեցան:
«Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալով՝ արշաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան, նաւապետ Կարէն Բալայեան, նաւապետ-խորհրդատու Սամուէլ Կարապետեան, Արիութեան մետալով՝ նաւաստիներ Սամուէլ Բաբայեան, Հայկ Բադալեան, Արեգ Նազարեան, Արմէն Նազարեան եւ Սամուէլ Սարգսեան: