ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 25ին «Մոսկուա» շարժապատկերի ճեմասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պրազիլահայ լուսանկարիչ Մանուկ Փոլատեանի՝ 46 աշխատանքներէն բաղկացած ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցադրուած աշխատանքները կը ներկայացնեն Սան Փաուլօ քաղաքը, եւ նուիրուած են քաղաքի հիմնադրման 450ամեակին:
Ցուցահանդէսի նախաձեռնողներն են «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը, Պրազիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, Հայաստանի մէջ Պրազիլի դեսպանութիւնը եւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահը:
Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Պրազիլէն Հայաստան ժամանած գործարարներու, գրականութեան եւ արուեստի գործիչներու, լուսանկարչութեան վարպետներու եւ այլ այցելուներու ներկայութեամբ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը կատարեց Պրազիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Եղիազարեան:
Մ. Փոլատեանը ողջունեցին Հայաստանի մէջ Պրազիլի դեսպան տիկին Ռենատէ Սթիլլէն եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Պրազիլի մասնաճիւղի նախագահ Օշին Մոստիչեան:
Ներկաներուն շնորհակալութեան խօսքով դիմեց հեղինակը, յոյս յայտնելով, որ առաջին հանդիպումին կը հետեւին նաեւ նոր ցուցահանդէսներ: