
Երեքշաբթի, 29 Մարտի առաւօտեան, Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աւարտական կարգի մօտաւորապէս 70 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներու, այցելեցին Ազային առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, առաջնորդ սրբազան հայրը նախ բարի գալստեան խօսք մը ուղղեց աշակերտութեան եւ գնահատեց անոնց ինքնաբուխ այցելութիւնը Ազգային առաջնորդարան՝ լսելու Մեծ Պահոց մասին իր հոգեւոր խրատները եւ յորդորները, որոնց ընդմէջէն ան անդրադարձաւ քրիստոնէական ներկայ կեանքը յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու ՝ յիշեցնելով, որ աշակերտներ եւ երիտասարդներ հրաւիրուած են միշտ ուժեղ ըլլալու իրենց հաւատքին մէջ եւ իրենց ուշադրութիւնը բարի գործերու վրայ կեդրոնացնելու, որպէսզի «մարդը շատնայ մարդուն մէջ»:
Մտերմիկ զրոյցը պատճառ դարձաւ, որ աշակերտներ ուղղեն հետաքրքրական հարցումներ, որոնց մասին սրբազան հայրը տուաւ սպառիչ պատասխաններ:
Հանդիպման աւարտին, սրտի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէնուհին եւ ուսուցիչներ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով առաջնորդ սրբազանին, հայ աշակերտութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած ուշադրութեան համար, իսկ սրբազան հայրը աշակերտներուն նուիրեց փայտեայ խաչ մը եւ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ողկոյզ» քերթողագիրքէն նմուշ մը: