
ՊՈԼԻՍ.- Անցնող շաբաթավերջին, 84 տարեկանկին մահացաւ հայ գիւղագրութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը հանդիսացող տիգրանակերտցի նշանաւոր գրող Մկրտիչ Մարկոսեան, կը հաղորդէ «Արաս» հրատարակչութիւնը՝ նշելով, որ Մարկոսեան «Արաս»ի հիմնադիրը եղած է, «որ Յակոբ Մնձուրիէն ստացած ժառանգութիւնը արժեւորեց մեծապէս»:
Մկրտիչ Մարկոսեան ծնած է 1938ին, Տիգրանակերտի այսպէս կոչուած «Կեաւուրի թաղ»ին մէջ, որ ապագային դարձաւ իր գիրքերէն ամէնէն յայտնիին խորագիրը։
Այդ հատորը լոյս տեսաւ հայերէնով, թրքերէնով, քրտերէնով եւ այլ լեզուներով: Անոր գործերէն են՝ «Մեր Այդ Կողմերը», «Կեաւուր Թաղ», «Տիգրիսի Ափերէն» եւ «Համրիչի Հատիկներ»։
Մարկոսեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Տիգրանակերտը կը ներկայացնէ իր հայով, ասորիով, հրեայով, եզիտիով, թուրքով ու քիւրտով, իրեն յատուկ գաւառախառն լեզուով:
Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ համալսարանին մէջ՝ հետեւելով իմաստասիրութեան ճիւղին: Հայերէն ու թրքերէն յօդուածներով ու գեղարուեստական գործերով աշխատակցած է թրքական մամուլին: Տիգրանակերտի փողոցներէն մին կոչուած է իր անունով:
Ան նաեւ 1966-1972ին եղած է Պոլսոյ Սկիւտար շրջանի Սուրբ Խաչ դպրեվանք հայկական վարժարանի տնօրէնը, նոյն ժամանակ դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, հայերէն եւ գրականութիւն: