2 Ապրիլին, Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան իր թուրք մրցակիցին դէմ արձանագրած իր յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան` 77 քլկ․ դասակարգին մէջ:
Նախքան ոսկի մետալին տիրանալը, 23 տարեկան ըմբիշը պարտութեան մատնեց նաեւ իր ատրպէյճանցի մրցակիցը:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի անհատական բաժակի մրցաշարքի արծաթէ մետալակիր եւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Ամոյեան, որ վերադարձաւ հայրենիք, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ թուրք եւ ատրպէյճանցի իր մրցակիցներուն դէմ արձանագրած իր յաղթանակները կը նուիրէ 2016ի քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն: