Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի մայրուղիին վրայ եւ հրապարակին շուրջ Հ.Յ.Դ. ԼԵՄի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամներ բաժնեցին Լիբանանի մէջ թրքական զօրքերու տեղակայումը մերժող արաբերէն եւ անգլերէն կոչեր։
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական միութեան անունով ստորագրուած կոչերը հիմնական չորս կէտերու մէջ կու գան բացատրելու լիբանանահայ համայնքին մերժողական կեցուածքին պատճառները։
Նշեալ կոչերուն մէջ կը յիշուի, թէ որեւէ խաղաղարար ուժ պէտք է ընդունուած ըլլայ Լիբանանի բոլոր հատուածներուն կողմէ՝ միաժամանակ հաստատելով, թէ թրքական ուժերը չեն վայելեր լիբանանեան ընկերութեան ամբողջական աջակցութիւնը։
ԼԵՄականները նաեւ լիբանանեան դրօշներուն կողքին բռնած էին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ արձանագրուած էին՝ «Թուրքիան՝ ոճիրներու մայրաքաղաքը», «Ինչպէ՞ս կարելի է մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած Թուրքիան ընդունիլ իբրեւ խաղաղարար ուժ», «Կը մերժենք թրքական զօրքերու տեղակայումը», «Ցեղասպանութիւնը, ջարդը եւ տեղահանութիւնը թրքական խաղաղարար հասկացողութիւններն են»։
Նկարին մէջ, ցոյցէն տեսարան մը: