

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց աշխարհին մէջ ամրապնդեց հայկական ինքնութեան հիմնաքար հանդիսացող քրիստոնէութիւնը եւ իր հաւատքին ու կամքին շնորհիւ, ամբողջ ազգ մը դարձի բերաւ։ Իր այս առաքելութեան ընթացքին ան դիմագրաւեց բազմաթիւ սոսկալի չարչարանքներ, որոնց յիշատակութիւնը հայ եկեղեցին կը նշէ Գալստեան Կիրակիին։ Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ տօնին կը նշենք նաեւ հայրապետարանիս ուխտի տօնը՝ Մայրավանքի համանուն Տաճարին նուիրուած։
Առ այդ, Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Վեհարանի դահլիճէն սկիզբ առաւ Հայրապետական թափօրը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր հարստութիւնը համարուող սրբազան մասունքներու արկղով մուտք գործեց Մայր Տաճար:
Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան։ Սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Լուսաւորիչի վիրապ մուտքի շարականի խօսքերով, որ արտայայտութիւն է ցնծութեան եւ հրաւէր՝ աղօթքի ու ապաշխարութեան։ Ան ըսաւ, որ այսօր մենք էականօրէն կարիքը ունինք աշխարհով մէկ հոգեւոր արթնութեան։ Սրբազանը ամփոփելով տօնին պատմագը՝ նշեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ընդհանրական եկեղեցւոյ մեծ սուրբն է։ Ան ոչ միայն հայոց հաւատքի կերտիչն է, այլեւ հայ քրիստոնեայ ազգի կերտիչը։ Սրբազան հայրը իր քարոզը եզրափակեց՝ վստահեցնելով, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հաւատքի իր զօրութեան չափով կը ստանայ այն, ինչ կը խնդրէ սուրբէն՝ որովհետեւ սուրբերուն մէջ Քրիստոս կը բնակի։
Ս. Պատարագի աւարտին, վեհափառին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ սուրբին լուսաւորող Աջով աւանդական թափօր:
Յայտնենք, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Ս. Աջին կողքին հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներու աջերով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը ի պահ դրուած այլ սրբազան մասունքներով:
Թափօրին աւարտին, կաթողիկոսը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ՝ բարձրացաւ Ս. Խորան եւ Լուսաւորիչի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Ապա, Մայր տաճարի խորանին վրայ զետեղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան տակ խորանին վրայ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
