Կիրակի, 27 Մարտի առաւօտեան, առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեան Ս․ պատարագ մատուցանեց Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց․ եկեղեցւոյ մէջ։
Յընթացս Սուրբ պատարագի, ձեռամբ առաջնորդին եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա․ քհնյ. ՏԷմիրճեանի՝ կատարուեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն, որմով Արարատ կիսասարկաւագ Գալփակճեան եւ Յակոբ կիսասարկաւագ Ժամկոչեան արժանացան սարկաւագութեան աստիճանին:
Պատարագի եւ ձեռնադրութեան սրբազան արարողութիւններուն ներկայ էին ձեռնադրեալներու հարազատները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Ընծայեալները խարտաւիլակ տէր հօր առաջնորդութեամբ` ծնրադիր Սուրբ խորան բարձրացան` ուր անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք, «Աստուածային եւ Երկնային» հոգեզմայլ շարականի երգեցողութեան ներքոյ հրապարակաւ ուխտեցին նուիրուել եւ ծառայել Հայաստանեայց եկեղեցուն եւ անոր Սուրբ սեղանի սպասաւորութեանը: Ապա սրբազան հայրը ձեռնադրեալներու ուսերու վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Սուրբ Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու ու բուրվառով Աստուծոյ տան մէջ խունկի անուշ բոյրը խնկարկելու իշխանութիւնը:
Ձեռնադրութեան աւարտին, առաջնորդը շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալները եւ իր աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած` խնդրեց, որպէսզի Սուրբ հոգիով հարստացնէ ու բանայ անոնց աչքերը հոգեւոր իմաստութեանց դիմաց, որպէսզի անոնք կարողանան առանց երկմտանքի յարատեւել աստուածային այս նուիրեալ ծառայութեան մէջ։ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ սարկաւագի նուիրական կերպարին եւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած բարձր եւ մեծ դերակատարութեանը՝ առաջին դարէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր:
Հուսկ ամենայնի, սրբազան հայրը օրուան խորհուրդի համաձայն` իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացելոց:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ