Տնտեսական ապաքինման ծրագիրին շուրջ երկար եւ աշխոյժ բանակցութիւններէ ետք, Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամին միջեւ գոյացաւ նախնական համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ հիմնադրամը Լիբանանին պիտի տրամադրէ 3 միլիառ տոլարի վարկ` 4 տարուան ընթացքին:
Միջազգային դրամական հիմնադրամի պատուիրակութեան նախագահ Ռամիրել Ռիկօ յայտնեց, որ հիմնադրամի վարչական խորհուրդին կողմէ տրուելիք համաձայնութեան պարագային, Լիբանանի տրամադրուելիք այս օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի երկրին իշխանութիւններուն ծրագրած բարեկարգումներու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ երկրին ելեւմտական կայունութեան վերաշխուժացման: Ծրագիրը հիմնուած է Լիբանանի ենթակառոյցի վերանորոգման եւ վերակառուցման, պետական հաստատութիւններու, յատկապէս ուժանիւթի նախարարութեան կառոյցներու բարեկարգումին, փտածութեան եւ դրամի լուացումի դէմ պայքարելուն վրայ:
«Մեր ծրագիրը կը միտի դրամատնային համակարգը վերակազմակերպել, որպէսզի դրամատուները իրենց կարողութիւնները վերահաստատեն եւ աշխատանքը արժանաւոր կերպով շարունակեն, ինչպէս նաեւ կեանքը աշխուժացնելու աղբիւրներ ապահովեն», կը նշուի հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն Պաապտայի մէջ նախագահեց ելեւմտական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական հիմնադրամի ներկայացուցիչները: