
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Վերջերս, «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային հաստատութիւններու հարցերուն շուրջ ասուլիս մը, որուն արձագանգ հանդիսացաւ «Անատոլու» գործակալութիւնը։
Համայնքային հաստատութիւններու հարցերու մասնագէտ իրաւաբան Էօմէր Քանթիկ՝ իբրեւ ատենախօս մասնակցեցաւ նշեալ ասուլիսին, զոր վարեց հիւրընկալ համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքի նախկին տեսուչ փրոֆ. Մարթա Մինաու։
Էօմէր Քանթիկ բացատրութիւններ տուաւ փոքրամասնական հաստատութիւննրու սեփականութեան իրաւունքի հարցերու լուծման ուղղութեամբ առնուած աննախընթաց քայլերուն շուրջ։ Համապատասխան գործընթացը Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած է Եւրոպական Միութեան համաձայնեցման օրէնքներու շրջանակներուն մէջ։ 2000ականներէն ետք փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններուն վերաբերեալ կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերադարձին շուրջ արձանագրուած զարգացումները եղած են աննախընթաց։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային հաստատութիւններու շուրջ վիճակագրական տուեալներ տեղեկացնելէ ետք, Քանթիկ դիտել տուաւ, որ բուն բարելաւումները 2003ին սկսան։ 2002ին եւ անկէ ետք կատարուած օրէնսդրական կարգադրութիւններու միջոցաւ եղած գործադրութիւնները Թուրքիոյ պատմութեան մէջ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէն շատ կարեւոր փուլ մը կը համարուին։ Քանթիկ ընդգծեց, որ 2003-2018 թուականներուն ընդհանուր առմամբ 1084 կալուածներ վերադարձուած են փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու, իսկ 21 այլ կալուածներու պարագային որոշուած է հատուցում վճարել։
Քանթիկ դիտել տուած է, որ զարգացումները այսքանով չեն սահմանափակուած եւ Թուրքիա փոքրամասնութիւններու պարագային, անհատներու սեփականութեան իրաւունքի հարցերն ալ փորձած է հաւասարակշռել կա՛մ հատուցում վճարելով, կա՛մ սեփականութեան իրաւունքը վերահաստատելով։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ Քանթիկ անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանի այս նիւթին վերաբերեալ վճիռներուն։ Ան համոզուած է, թէ այդ վճիռները պէտք չէ ընկալուին իբրեւ ճնշման միջոց, այլ պէտք է որակուին իբրեւ ուղեցոյց։
Հուսկ, Քանթիկ յայտնեց, թէ, ըստ իրեն, անցեալի դժուարութիւնները այլեւս մնացած են անցեալին եւ օրէնքներով երաշխաւորուած այս իրաւունքները այլեւս անշրջադարձելի կը համարուին։
Ինչպէս ծանօթ է, յայտնի իրաւաբանին մատնանշած ժամանակաշրջանին փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ հարցերու լուծման ճանապարհին, էական յառաջընթաց արձանագրուած է։ Այս նոյն ժամանակաշրջանին, սակայն, փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը մնացած է անլոյծ։