Կ’ամփոփէ Եւ Կը Ներկայացնէ ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Վերջերս ձեռքս առի ամենէն սիրած գրագէտներէս՝ Արտաշէս Քալանթարեանի «Քննութիւն» հատորը եւ երկրորդ անգամ ըլլալով սկսայ կարդալ զայն: Իւրաքանչիւր էջի ընթերցումէն ետք ուրախութեամբ կ՛ըսէի ինքզինքիս. «Լա՛ւ որ ունիմ այս գիրքը եւ ուզած ատենս կրնամ վայելել անոր իւրաքանչիւր էջը»: Յետոյ մեղքցայ այն բոլո՜ր հայերէն կարդալ գիտցող մարդոց, որոնք առիթը պիտի չունենան այս գործը ըմբոշխնելու: Այդ մտածումին յաջորդեց ուրիշ մը. ժամանակին հայերէն թերթերու մէջ թերթօններ կը տպուէին. ամէն օր կամ ամէն շաբաթ, վէպէ մը առնուած էջեր կը դրուէին եւ ընթերցասէր մարդիկ «չորս աչքով» կը սպասէին հայերէն թերթին, կարդալ կարենալու համար իրենց թերթօնը:
Այս բոլոր մտածումները շարժապատկերի մը սրահէն դուրս, մուտքին գտնուող ճերմակ, լուսաւոր ծանուցատախտակին վրայ իրարու ետեւէ եկող անուններու նման կը սահէին, երբ նո՛ր, կարմիր գոյնի գաղափար մը եկաւ, նստեցաւ անոնց ճի՛շդ ետեւը ու չշարժեցաւ: Հա՞պա եթէ փորձէի կարեւորագոյն պատահարները ամփոփել եւ ամենէն յատկանշական պարբերութիւնները մեքենագրել, գաղափար մը տալու համար այս գործին կարեւորութեան մասին:
Ահա ուրեմն, առաջին բաժինը:
***
Վէպը կը սկսի պաղպաղակի տեսարանով մը: Ծխախոտի գործարանի տնօրէն Արգամ Մանասեանը անհասկնալի պատճառով գործէ արձակուած է եւ չի գիտեր ո՛ւր երթալ, ի՞նչ ընել, լուրը ինչպէ՞ս յայտնել կնոջը, զաւակներուն, ծանօթներուն: Պաղպաղակ մը կ՛ապսպրէ, սեղանի մը դիմաց կը նստի եւ մինչ ապսպրածը կը հալի ու կը վերածուի պղտոր հեղուկի՝ ինք ինկած է դառն մտածումներու մէջ.
«Սկսուեց… Մինչեւ բոլորն իմանան, որ աշխատանքից ազատուել է ինքը, դեռ հարիւր մարդ ինչ որ բան է խնդրելու՝ սիկարէթ կամ պաշտօն, միջնորդութիւն կամ հովանաւորութիւն: Իսկ հենց իմացան՝ կարեկցանք են յայտնելու կեղծ կամ անկեղծ, որ այս դէպքում հաւասարաչափ վիրաւորական են ու սարսափելի տհաճ: Եւ հարցեր են տալու, որ անտարբեր չերեւան կամ թաքցնեն իրենց ուրախութիւնը: Անպայման հարկ են համարելու հարցեր տալ՝

– Բա ինչպէ՞ս եղաւ:
– Ի՞նչ ասացին:
– Որտե՞ղ առաջարկեցին :
Դէ եկ ու բացատրիր, թէ ինչպէս եղաւ: Չեն էլ հաւատայ: Բա՝ չէ, կ՛ասեն. Առանց պատճառի մա՞րդ են հանում, այն էլ այդպիսի պաշտօնից: Ուրեմն մի բան կայ: Կամ մէկն ունեն տեղաւորելու, որին խօսք են տուել կամ որից վախենում են: Կամ էլ Արգամ Մանասեանը մի այնպիսի յանցանք է գործել, որի մասին խօսել չեն ուզում, որպէսզի ստուեր չձգեն նախարարութեան վրայ, բայց այլեւս պահել չեն կարող որպէս տնօրէն»:
Արգամ Մանասեան կը յիշէ, թէ ինչպէս ճիշդ մէկ ամիս առաջ ինքը, կինը, նախարարն ու տիկինը միասին Եւրոպա ճամբորդեր էին եւ ո՛չ միայն միասին լաւ ժամանակ անցուցեր, այլ՝ մտերմացեր էին իրարու:
«-Արգամ ջան, ուրեմն ճշմարիտ է ժողովուրդը, որ ասում է՝ մարդուն ճանաչիր ճամբորդութեան մէջ եւ փող ծախսելիս: Դու երկու քննութիւնն էլ բռնեցիր: Սրանից յետոյ ուր գնամ՝ քեզ հետս եմ տանելու, ախպեր ջան»:
Իսկ հիմա…
«-Բայց իմ աշխատանքը… գործարանի տասնամեայ ծրագիրը… մրմնջաց Արգամ Մանասեանը:
– Մէկ ուրիշը կը գայ եւ կ՛անի, ընկեր Մանասեան,- Ասաց նախարարը: – Թէ՞ մինչեւ հիմա մտածում էիք, որ անփոխարինելի էք: Մեզ մօտ անփոխարինելի մարդիկ չկան, ընկեր Մանասեան: Մենք բոլորս կուսակցութեան զինուորներն ենք եւ կուսակցութիւնն է վճռում, թէ որտեղ է մեր դիրքը եւ որն է պահակակէտը, ընկեր Մանասեան»:
…
Ընկեր Մանասեա՜ն… եւ սառը, անտարբեր հայեացք: Նոյնիսկ ձեռքը չմեկնեց՝ հրաժեշտի համար»:
***
Սիրելի՛ ընթերցող,
Այսօրուան բաժնին վերջակէտը դնելէ առաջ, յիշեցնեմ, որ Քալանթարեանի «Քննութիւն» վէպին դէպքերը կը յղուին համայնավար Հայաստանի մէջ ապրած մարդոց: