ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 11 Ապրիլին ընդունեց այցելութիւնը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէոյի:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը՝ իր յանձնառութեան ճամբով, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Հանդիպման քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի՝ Փառուխ գիւղը եւ մերձակայ հատուածներ, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:
Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան համար միտումնաւոր կերպով ստեղծուող մարդասիրական հարցերը եւ Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտումներու ենթարկել միտող գործողութիւնները: Ընդգծուեցաւ ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներու՝ 23 Մարտի ելման դիրքերը վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն սկսելու վերաբերեալ՝ այդ պարունակին մէջ ընդգծելով ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու միջնորդական դերը:
Ռոքֆէոյ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ շեշտեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Այս պարունակին մէջ, Ռոքֆէոյ եւս շեշտեց Ֆրանսայի շահագրգռուածութիւնը՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ձեւաչափի պահպանման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման հարցին մէջ:
Զրուցակիցները հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակեցին թէ՛ տարածաշրջանային հարցերու եւ թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ապահովութեան հիմնահարցերու վերաբերեալ: