
Ազգային առաջնորդարանը կ՛ողջունէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ նուիրեալները, որոնք ընդառաջ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի կոչին՝ սիրայօժար կերպով գոյացուցած են 20,000 տոլար, առ ի զօրակցութիւն Լիբանանի Ազգային վարժարաններու մէջ գործող ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու, Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին առիթով:
«Անկասկած որ, եղբայրական այս ժեսթը իւրայատուկ մթնոլորտ կը ստեղծէ ե՛ւ տուողին, ե՛ւ ստացողին մօտ: Առ այս, հպարտ ենք Ազգային վարժարաններու մեր ուսուցիչներու օրինակելի սոյն արարքով, որ, ի՜նչ խօսք, զատկական ուրախութիւնը կը բազմապատկէ մեր բոլորին կեանքին մէջ: Թող որ Աստուած ձեր տուածը հազարապատիկ անուշցած եւ զօրացած վերադարձնէ ձեզի, սիրելի՛ հայ ուսուցիչներ եւ մտքի մշակներ, որ գիտէք ձեր հանապազօրեայ հացէն ու ուրախութենէն բաժին հանել ապրուստի ծանր պայմաններ դիմագրաւող լիբանանահայ ձեր գործակիցներուն», այս առիթով կը գրէ առաջնորդը: