ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի մէջ, Կիրակի օր տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւնները: Նախագահի պաշտօնին թեկնածու ներկայացած էին 12 թեկնածուներ, որոնք քաղաքական տարբեր կազմակերպութիւններ կը ներկայացնեն:
Արտասահմանի մէջ գտնուող ֆրանսացիներու քուէարկութիւնը սկսաւ Շաբաթ օր, բացի Չինաստանի Շենկհայ քաղաքը բնակողներէն, որոնք չկրցան քուէարկել «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով չինական իշխանութիւններուն հաստատած ընդհանուր փակումի դրութեան մէջ:
Ըստ նախնական տուեալներուն՝ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ապահոված է քուէներուն մօտաւորապէս 28 առ հարիւրը եւ անոր գլխաւոր մրցակիցը՝ «Ազգային Ճակատ»ի ղեկավար Մարին Լը Փեն՝ քուէներուն 24 առ հարիւրը:
Անոնք Կիրակի, 24 Ապրիլին պիտի մասնակցին ընտրութեան երկորդ հանգրուանին: