ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Նախաձեռնութեամբ «Հեմըր» թանգարանին եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի երաժշտանոցին, 20 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հայկական դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան նուիրուած առցանց համերգ մը՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Պիտի ներկայացուին շարք մը հայ յօրինողներէ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ անդրանիկ կատարումը Մարթին Ուլիխանեանի մէկ ստեղծագործութեան։
Ելոյթ պիտի ունենայ համալսարանին «Վէմ» նուագախումբը եւ Ֆիլ Օ՛Քանըր, իսկ հանդիսավարն է համալսարանի դասախօսներէն եւ անոր Հայկական երաժշտութեան ծրագիրի վարիչ, յայտնի ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան։
Մուտքը ազատ է։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել info@hammer.ucla.edu հասցէին կամ (310) 443-7000 թիւին։