ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրես»․- Միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ օգնեցին անոնց, որ կապ հաստատեն իրենց ընտանիքներուն հետ, կը յայտնէ Միջազգային Կարմիր Խաչի Հայաստանի գրասենեակը:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով, տեսագրուած ուղերձներով եւ նամակներով փորձեցինք այս ընթացքին պահպանել տեսակցութիւններու պարբերականութիւնը եւ պիտի շարունակենք, որովհետեւ տակաւին անձեր կը գտնուին բանտարկութեան մէջ», ըսաւ Միջազգային Կարմիր Խաչի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրի ղեկավար Զառա Ամատունի:
Կարմիր Խաչը գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց նկատմամբ վերաբերմունքին, առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւններ չի հրապարակեր` նշելով, որ անոնք փակ երկխօսութեան ոլորտին մէջ են:
Ըստ Ամատունիի՝ այցելութիւններու նպատակն է՝ հետեւիլ գերիներու վիճակին: