ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան յայտնեց, թէ «իրականութեան չեն համապատասխաներ պնդումները այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու գործողութիւնները կը հակասեն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան»:
Զախարովա այդ մեկնաբանութեամբ անդրադարձաւ ընդդիմադիր խումբ մը հայ պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղ մուտքը արգելելու հանգամանքին՝ ըսելով. «Նշեալ այցելութիւնը նախապէս համաձայնեցուած չէր ռուս խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութեան հետ: Խաղաղապահները կը գործեն խստօրէն եռակողմ յայտարարութիւններուն համապատասխան: Տեղի ունեցած միջադէպերուն առնչութեամբ կ՛ակնկալենք, որ թէ՛ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտին մէջ եւ թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի առանձին հատուածներու մէջ երկու կողմերը ձեռնպահ մնան այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան առաւել սրել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Զախարովա: