ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան գիտական տարեկան 21րդ մրցանքի աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցաւ 26-27 Մարտին․ անոր այս տարի առցանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն աշակերտներ:
Մրցանքին մասնակցեցան 6էն 12րդ դասարանի 87 աշակերտներ, որոնցմէ 13ը՝ Միացեալ Նահանգներէն, 71ը՝ Հայաստանէն, իսկ երեքը՝ Արցախէն:
Միացեալ Նահանգներէն մասնակցեցան վեց վարժարաններ, որոնք էին՝ Ալֆրետ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան, Հայ Քոյրերու, Քրեսենթա Հովիտի, «Թոլ» եւ Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանները: Հայաստանէն կը մասնակցէին 14 դպրոցներ, իսկ Արցախէն՝ մէկ։
Դատակազմի պարտականութիւն ստանձնած 22 գիտնականները (20ը՝ Միացեալ Նահանգներէն, իսկ երկուքը՝ Հայաստանէն) եւ ճարտարագէտները քննեցին ներկայացուած գործերը եւ հարցաքննեցին աշակերտները, որոշելով մրցանակակիրները, տարբեր ոլորտներու մէջ։
Նաեւ, դոկտ․ Արմէն Սարաֆեանի անուան լաւագոյն ուսուցիչի մրցանակը շնորհուեցաւ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանէն Լիտա Գէորգեանին, իսկ լաւագոյն վարժարանի մրցանակը՝ Երեւանի «Հերացի»ին։ Հելէն Տապաղեանի անուան դատաւորներու մրցանակը ստացաւ Աւագ Աւագեան։
Հաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: