ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

1916էն մինչեւ իր մահը, առհասարակ սփիւռքահայ ազգային, հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ տիրապետող մեծագոյն դէմքերէն մէկը եղած է Գերսամ Ահարոնեան, իսկ ՌԱԿի մէջ՝ գլխաւոր առաջնորդը։
Այսօր, իր մահուընէ քառասուն տարի ետք կը զգանք այն մեծ ազդեցութիւնը, որ ան ունեցած է ՌԱԿի անդամներուն եւ գործիչներուն վրայ։ Այս եւ այլ ներդրումներու գնահատման նուիրուած էր ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հանդիսութիւնը՝ նուիրուած մահուան քառասուներորդ տարելիցին, որ միաժամանակ կը զուգադիպէր ՌԱԿ «Գ. Ահարոնեան» ակումբի հիմնադրութեան քառասունամեակին։
Զգալի թիւով հանդիսականներու ներկայութիւնը ապացոյցն էր մեր ըսածին։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 3 Ապրիլին, Ալթատինայի ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ։
ՌԱԿի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան բացման խօսքին մէջ, գնահատելէ ետք Գերսամ Ահարոնեան մարդն ու քաղաքական գործիչը, հրաւիրեց ներկաները մէկ վարկեան լռութեամբ յարգելու մեր շարքերէն յաւէտ հեռացած կուսակցական ընկերներու եւ 44օրեայ պատերազմին ու անկէ ի վեր զոհուած հայ մարտիկներու յիշատակը։ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի աղօթքով ընթացք տրուեցաւ հանդիսութիւնը։

Հանդիսավարն էր Խաչիկ Ճանոյեան, որ երկար տարիներ աշխատակցած էր անոր հետ, եղած էր անոր ուսանողը։ Ան ձեռնհասօրէն վարեց հանդէսը՝ մէջընդմէջ յատկանշական դրուագներով հիւսելով իր խօսքը։
Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսներէն Հալէպի եւ Յորդանանի ՌԱԿի 25 տարիներու կարկառուն ղեկավար, ԹՄՄ եւ ՀԲԸՄ շրջանակներու գործօն ղեկավար տոքթ. Գրիգոր Ատանալեանը։
«Մեր վաղ երիտասարդութենէն հիացած էինք ընկ. Գերսամով։ Ապա ան եղաւ իմ գլխաւոր քաջալերողներէն մէկը։ Եղաւ դաստիարակ, ուսուցիչ եւ մեր նմանները յառաջ մղող իմաստուն ղեկավար մը։ Ան միշտ ջատագովն էր նոր սերունդին եւ հաճոյքով կը գործակցէր նոր ուժերու հետ։ Ընկ. Գերսամին մէջ խտացած էր միաժամանակ ե՛ւ կուսակցական գործիչը, ե՛ւ խմբագիրը, պատմաբանը, ուսուցիչն ու դաստիարակը։ Ընկ. Գերսամը Հայ Դատին տուաւ նոր տարազ եւ բովանդակութիւն», ըսաւ բանախօսը՝ նշելով, որ անոր շնորհիւ Ցեղասպանութեան տարելիցը դադրեցաւ միայն սգատօն մը ըլլալէ, այլ վերածուեցաւ քաղաքական դատի եւ պահանջատիրութեան արծարծման։
Գերսամ Ահարոնեանի «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ»էն ընթեցումներով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ուսուցչուհի Սեւան Տէր Պետրոսեան, որուն յաջորդեց Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքի ամէնէն տարեց եւ փորձառու մտաւորականներէն խմբագիր եւ լրագրող փրոֆ. Օշին Քէշիշեան։
Տակաւին աշակերտական նստարանէն ծանօթացած ըլլալով Գ. Ահարոնեանին՝ իբրեւ հայոց պատմութեան, ընդհանուր ազգաց եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ, փրոֆ. Օ. Քէշիշեան շեշտեց այն համոզումըը, որ իր լրագրական եւ խմբագրական կեանք մտնելը կը պարտի Գերսամ Ահարոնեանին, որ 1950ականներուն իրեն վստահած էր «Զարթօնք-Սփոր»ը։

Անդրադառնալով Գ. Ահարոնեան ուսուցիչին՝ ան շեշտեց, թէ դասաւանդութեան ընթացքին ան միշտ նմանութիւններ եւ հակադրութիւններ կը ներկայացնէր, այլ ազգերու պատմութիւններէն նոյն ժամանակահատուածին պատահած իրադարձութիւնները կը յիշատակէր՝ դասերը շատ աւելի հասկնալի եւ ըմբռնելի դարձնելով։ Քէշիշեան մեծ կարեւորութեամբ ընդգծեց իր ուսուցիչին՝ սերունդ մը լրագրողներ եւ մամուլի աշխատակիցներ պատրաստած ըլլալու պարագան։
Յուզիչ էր լսել նաեւ մեր ուսուցիչին ձայնը։ Ան 1965ին, Պէյրութի կեդրոնական «Ռիվոլի» սրահին մէջ բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ Ցեղասպանութեան 50ամեակին առթիւ։ Մենք՝ իբրեւ վերջին կարգի աշակերտներ նստած ըլլալով ետեւները, հպարտութեամբ եւ յուզումով լսեցինք զինք։ Մենք երբեք այդքան հայրենասիրական հրայրքով ելոյթ մը չէինք լսած, մանաւանդ Գերսամ Ահարոնեանէն։ Այդ օր ինք Սարդարապատի արծիւի նման իշխեց ներկաներու սիրտերուն ու հոգիներուն վրայ։ Այս առթիւ մեր շնորհակալութիւնը պիտի յայտնենք իր աշակերտներէն Տիգրան Էքիզեանին, որ գտեր բերեր էր այդ ելոյթը։
Հանդիսութեան պատշաճ ասմունքով հանդէս եկաւ Անի Մարսէլեան (հայերէնի ուսուցչուհի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Յովսէփեան վարժարանի)՝ արտասանելով Համաստեղի «Հայու Հոգին» եւ «Յաւերժի Մեծ Ճամբորդ» Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն։
Նշուեցաւ նաեւ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի «Գերսամ Ահարոնեան» ակումբի քառասունամեակը, որ լրացած էր անցեալ տարի, բայց համավարակին պատճառով կարելի չէր եղած տօնախմբել։
Խ. Ճանոյեան այս առթիւ ներկայացուց անցնող չորս տասնամեակներուն ակումբին բերած կուսակցական, ընկերային եւ հասարակական դերը շրջանակին մէջ՝ յատկապէս ընդգծելով ակումբին բերած նիւթական նպաստը «Նոր Օր»ի եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ։
Հաճելի անակնկալ մըն էր բոլորիս համար ներկայութիւնը Գ. Ահարոնեանի եղբօրորդիին՝ յայտնի սրտաբան տոքթ. Վիգէն Ահարոնեանի, որ դրուագներ պատմեց Զէյթուն-Մարաշ ապաստանած Ահարոնեաններու ընտանիքի փրկութեան հանգամանքներուն մասին եւ իր ու Ահարոնեաններու շնորհակալութիւնը փոխանցեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն։

Բեմ հրաւիրուեցաւ ՍԴՀԿի ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Վահէ Աջապահեան, որ նոյնպէս աշակերտած է Գ. Ահարոնեանին։ Ան ընդգծեց իր ուսուցիչին լրագրական եւ քաղաքական անաչառութիւնը եւ հասունութիւնը։
Հանդիսութեան աւարտին, երկու երգերով ( «Հեռացած Ընկերներ» եւ «Արագիլ» ) ներկայացաւ ՌԱԿի Շրջանային վարչութեան անխոնջ անդամ եւ ձեռնարկին պատրաստութեան մէջ կարեւոր դեր ստանձնած Դաւիթ Սամուէլեան՝ իրեն ընկերակցող ունենալով երաժիշտ Արամ Լեփեճեանը։
Հանդիսութեան փակումը կատարեց վերապատուելի Ճոն Մաթոսեան։
(Յապաւուած)