
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Նախաձեռնութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ կազմակերպութեամբ փոքրամասնութեան իրաւանց պաշտպան եւ կրօնական շարք մը համայնքային կազմակերպութիւններու, 8 Ապրիլին տեղի ունեցաւ գաղթականներու իրաւանց պաշտպանութեան ի նպաստ հաւաք մը։
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ ունեցան շարք մը քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներ, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու համակարգող Էտուըրտ Պարսումեան ներկայացուց Հայ Դատի տեսակէտը։
Պարսումեան արտայայտուեցաւ Քալիֆորնիոյ հայութեան յատկանշական ներդրումներուն մասին՝ յիշեցնելով, որ հայութեան մեծ մասը Քալիֆորնիա հասած է իբրեւ գաղթական, Հայոց Ցեղասպանութեան, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, Իրանի յեղափոխութեան, Խորհրդային Միութեան տարանջատման կամ Արցախի պատերազմին հետեւանքով։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայութեան ցուցաբերուած աջակցութիւններուն համար, սակայն, նոյն ժամանակ ան յիշեցուց, թէ այլ փոքրամասնութիւններու նման, հայութիւնը եւս տարբեր հանգրուաններու ընթացքին ենթակայ եղած է ազգայնամոլներու յարձակումներուն։
