Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Հայաստանի մասին զեկուցող Անտրէյ Կովաչով Պելճիքայի իշխանութիւնները յորդորեց հետաքննել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Պրիւսքէլի խաչքար-յուշարձանին պղծումը:
«Ցնցուած եմ ատելութեան եւ բռնութեան այս ահաւոր դրսեւորումէն: Մենք պէտք է միասնաբար դիմակայենք նման սարսափելի միջադէպեր: Կոչ կ՛ընեմ պելճիքական իշխանութիւններուն, որ մանրակրկիտ կերպով հետաքննեն ատելութեան հողի վրայ կատարուած այս ոճիրը», գրած է Կովաչով: