
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի Ռազմահումանիտար գիտութիւններու հետազօտութիւններու կեդրոնը կազմակերպեց գիտաժողով մը՝ «Արցախեան 44օրեայ պատերազմի հումանիտար հետեւանքները» խորագիրով:
Գիտաժողովը բներգական (թեմատիկ) գիտագործնական շարքի ներածական միջոցառումն էր՝ նախատեսուած Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի ղեկավար եւ դասախօսական կազմի, ինչպէս նաեւ ՊԱՀՀի «Պետական եւ ռազմական կառավարում» մասնագիտութեան մագիստրոսական կրթական ծրագիրի ուսումնառուներուն համար: