
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Աշխարհահռչակ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի 25 Ապրիլի թիւին մէջ զետեղուած գովազդով, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընին կոչ կ՛ուղղուի «Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութիւն բերելու»: Անոր մէջ կը շեշտուի, որ 1915-1923 թուականներուն 1.5 միլիոն անձեր սպաննուած են:
Թերթի նշեալ թիւի 5րդ էջի ներքեւը պատկերուած է Ճոնսընը, անոր վերի հատուածը՝ օսմանեան Թուրքիոյ վերջին շրջանին կրթութեան եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Ալի Քեմալի նկարը, որ եղած է Ճոնսընի մեծ մեծ հայրը:
Նկարներուն միջեւ կը կարդանք հետեւեալ գրութիւնը.
«Այս մեծ մարդը քու մեծ մեծ հայրն է: Ան թուրք լրագրող եւ քաղաքական գործիչ էր: Զայն դաւաճան յայտարարեցին, անոր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուները պատժելու ճիգերուն համար: Վերջիվերջոյ, ան սպաննուեցաւ փողոցին մէջ»:
Այս նիւթին անդրադարձած են նաեւ թրքական լրատուամիջոցները՝ նշելով, որ գովազդի պատուիրատուն հայ գործարար Րաֆֆի Մանուկեանն է: