

Երեքշաբթի, 26 Ապրիլին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը շարժապատկերի հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որուն «Դրախտի Դարպաս» (Gate to Heaven) ժապաւէնը Միացեալ Նահանգներու AMC շարժապատկերի սրահներու ցանցի զանազան դահլիճներու մէջ պիտի ցուցադրուի գալիք օրերուն:
Հանդիպման ընթացքին, բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը՝ «Դրախտի Դարպաս»ի ցուցադրութեան:
Թորգոմ եպիսկոպոսը, իր կարգին, բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանի ջանքերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ծրագիրներուն, ապա իր օրհնութեամբ Ազգային վարժարաններուն կոչ ուղղուեցաւ՝ ներկայ գտնուելու ժապաւէնի ցուցադրութեան, առ ի ծանօթացում արծուեբոյն Արցախին եւ իբրեւ քաջալերանք Աւետիսեանի արուեստին:
Հուսկ, հայրենի արուեստագէտը առաջնորդ սրբազան հօր ուղղեց իր երախտագիտութիւնը, Ազգային առաջնորդարանին կողմէ տարբեր առիթներով իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան համար:
Յայտնենք, որ սոյն հանդիպման ներկայ եղան Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ հայրենի բեմադրիչի անձնակազմէն Արտի Չալըքեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ