
ՔԻԵՒ, «Քորրեսփոնտենթ».- Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ ըսաւ, որ Ուքրանիա շուտով յաւելեալ զէնքեր պիտի ստանայ Արեւմուտքէն, ապա իր տարածքը ազատագրելու համար աւելի թէժ յարձակողական գործողութիւններու պիտի սկսի:
Արեսթովիչ յայտնեց, որ Մայիսի վերջաւորութեան եւ Յունիսի սկիզբը արեւմտեան զէնքերը հասած պիտի ըլլան «յատկանշական քանակութեամբ, ինչ որ կրնայ փոխել որոշ տարածքներու մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը»:
Մինչ այդ, Գանատայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ Ռուսիան ամբաստանեց Ուքրանիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ռուսական զինուորական յանցագործութիւնները կը ներառեն զանգուածային վայրագութիւններ, ուքրանացի խաղաղ բնակիչներու դիտաւորեալ սպանութիւններու համակարգուած դէպքեր, դիակներու պղծում, ուքրանացի մանուկներու հարկադիր արտաքսում, խոշտանգումներ, ֆիզիքական ու հոգեբանական վիրաւորանքներ եւ բռնաբարութիւններ:
Միւս կողմէ, «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ գրաւեալ Խերսոնի ռազմաքաղաքացիական վարչակազմի փոխնախագահ Քիրիլ Սթրեմուսով յայտնեց, թէ Խերսոնի մարզը Մայիսին պիտի մտնէ ռուբլիի գօտի՝ աւելցնելով, որ անցումային շրջանը շուրջ չորս ամիս պիտի տեւէ: «Խերսոնի շրջանի Ուքրանիոյ վերադարձը կը բացառուի», ըսաւ Սթրեմուսով: