Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարեց, որ նախկին Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութիւնները ապագային պիտի միանան Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի միասնական միութենական պետութեան, կը հաղորդէ «ՊելԹԱ» լրատու գործակալութիւնը:
Պելոռուսի նախագահը նախապէս Վլատիվոսթոք կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ըսած էր, որ մտադիր է Ռուսիոյ հետ կառուցելու այնպիսի միասնութիւն մը, որ օրինակ պիտի դառնայ այլ երկիրներու համար: