Ինքնզինք իբրեւ պաղեստինցիներու իրաւանց պաշտպան ներկայացնող Թուրքիոյ մէջ բնակող «Համաս»ի կառգ մը անդամներ Իսրայէլի խնդրանքով՝ արտաքսուած են երկրէն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւման հետեւանքով, կը գրէ Israel Hayom թերթը:
«Թուրքիա խնդրած է անոնցմէ հեռանալ, եւ անոնց հեռացումը իսկապէս տեղի ունեցած է վերջին քանի մը ամիսներուն: «Համաս»ի մարտական թեւին հետ կապ ունեցող կարգ մը անդամներ արտաքսուած են: Իսրայէլցիները Թուրքիոյ տուած են «Համաս»ի անդամներու անուններու ցանկը եւ անոնց իրականացուցած մարտական գործողութիւններուն մասին տեղեկութիւններ», իսրայէլական թերթին ըսած է պաղեստինցի պաշտօնատար մը։