ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի վերընտրութեան պայքարին։
«Նահանգապետ Նիւսըմ քաղաքական իր ասպարէզին ընթացքին կարեւոր բարեկամ մը եղած է հայութեան, պայքարելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ նպաստելով Քալիֆորնիա-Հայաստան յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Յիշեցնենք, որ Նիւսըմ հայութեան մօտիկ գործակից մը եղած է Սան Ֆրանսիսքօ գաւառի վերահսկիչ, ապա՝ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ եւ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ եղած օրերէն։
2019ին ան ստորագրած էր նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատուած թիւ 1320 բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջադրանքին։ Բանաձեւը ծնունդ առած էր ՀԵԴի եւ Հայ ուսանողական միութիւններու ջանքերով եւ կը վայելէր Հայ Դատի աջակցութիւնը։
Նիւսըմ նաեւ մօտաւորապէս 8 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահոված է Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին եւ նպաստած է Հայաստանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտուրի գրասենեակ բանալու աշխատանքին։
Նիւսըմ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ ցուցաբերուած վստահութեան համար։