
«Քորոնա» համաճարակին պատճառով մէկ տարուան ակամայ յետաձգումէ ետք, Համա-ՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերը այս ամառ տեղի պիտի ունենան 20-30 Յուլիս 2022ին, Հայաստանի մէջ:
Ի տարբերութիւն նախորդ մարզախաղերուն, 11րդ մարզախաղերը պիտի յատկանշուին քանի մը նորութիւններով: Արդարեւ, այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուին 3×3 պասքեթպոլի, ծովափի վոլիպոլի եւ կոլֆի մրցումներ` ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի, ճատրակի, աթլէթի, փինկ փոնկի, լողի եւ թենիսի մրցումներու կողքին:
Մարզախաղերուն երկրորդ նորութիւնը անհատական կարողութեան մրցումներն են, որոնք առաջին անգամ կիրարկուեցան անցեալ ձմրան կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական առցանց մարզախաղերուն: Մրցումները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն եւ նկատի առնուեցան նաեւ այս մարզախաղերու` պաշտօնական մրցումներուն կողքին:
Համա-ՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերը կը յատկանշուին այն իրողութեամբ, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցողներու արեւելումի աշխատանքները կը կատարուին նախապէս` առցանց, դաստիարակչական բնոյթի եօթը տեսանիւթերով, որոնք մասնակցողներուն կը ծանօթացնեն միութեան մարզական պատմութիւնը, Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու նպատակը, 11րդ մարզախաղերու ընթացքը, Fair play-ի` արդար խաղի, կանոնները, մայրաքաղաք Երեւանը եւ այլ նիւթեր:
Մարզախաղերը ունին բարեսիրական աշխատանքներու եւ Հայաստանը ծանօթացնելու յատուկ յայտագիրներ: Նախատեսուած է մարզախաղերու մասնակցողներուն անունով մանուկներու ի նպաստ ծրագիր մը իրականացնել Հայաստանի սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ: Կը մշակուի նաեւ ծրագիր մը, որպէսզի մասնակցողները առիթ ունենան առնչութիւն ունենալու իրենց ազգային, հոգեւոր, մշակութային արմատներուն հետ:
Իբրեւ նորութիւն՝ պէտք է նշել նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը` մարզական այս մեծ իրադարձութեան օրերուն: «Հրաշք» մարզախաղերը յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար կազմակերպուող խաղեր են, որոնք 2018էն ի վեր կը կիրարկուին ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ: «Հրաշք» մարզախաղերուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին 12-22 տարեկան 200 պատանիներ եւ երիտասարներ Հայաստանի զանազան շրջաններէ եւ Սփիւռքէն: Այս մարզախաղերուն համար նկատի առնուած են յատուկ դաշտ մը եւ մարզական սարքեր:
Համա-ՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերը ընթացք պիտի առնեն 20 Յուլիս 2022ին կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով: Յաջորդ օրը, մարզախաղերուն մասնակցողները պիտի այցելեն Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ, ապա ընթացք պիտի առնեն մրցումները, որոնք պիտի երկարին ինն օրերու վրայ: Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը նախատեսուած է «Հայ մարզիկի օրը»` 22 Յուլիսին, իսկ աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը` 29 Յուլիսին: 30 Յուլիսին պիտի կատարուի յաղթանակի պարահանդէսը:
Կը սպասուի, որ մարզախաղերուն մասնակցին ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ շրջաններէն առաւել քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ինչպէս նաեւ` Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն պատուիրակութիւններ:
Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը միայն մրցում, մետալ, բաժակ եւ պարգեւատրում չեն: Մարզախաղերը մթնոլորտ են, ազգային ապրում եւ հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն: Գլխաւոր յաղթականը այս պարագային հայութիւնն է, որ գիտցաւ 104 տարի ապրեցնել ՀՄԸՄը եւ ապրիլ ՀՄԸՄով, ոգեւորուած անոր «մարզական բանակ»ով եւ ամրապնդուած անոր հայկականութեամբ, ինչ որ գլխաւոր երաշխիքն է պատրաստութեան սերունդի մը, որ բարոյալքում չճանչնայ, յաղթանակի հպարտութիւն ունենայ եւ միշտ ընթանայ յառաջ, անսասան ու անդեդեւ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ