
Քալիֆորնիոյ Համայնքային համալսարաններու միութիւնը, որ կը համախմբէ նահանգին մէջ գործող 116 համայնքային համալսարանները, այս տարի իր «Վստահութեան իրականացում» յատուկ մրցանակով մեծարեց դոկտ. Արմինէ Յակոբեանը, անոր առաւել քան երկու տասնամեակներու սպասարկութիւնները մեծապէս գնահատելով։
Դոկտ. Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար։
Անցեալ տարի, դոկտ. Արմինէ Յակոբեան Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի Հոգաբարձութեան կողմէ հինգերորդ անգամն ըլլալով մարմինին ատենապետը ընտրուեցաւ, հանդիսանալով համայնքային համալսարաններու այն հազուագիւտ ղեկավարներէն, որոնք հինգ անգամ հոգաբարձութեան ատենապետ կ՛ընտրուին։
Պսակաւոր արուեստից վկայականին կողքին, Յակոբեան ապահոված է մագիստրոսի երկու տիտղոսներ, դասաւանդման եւ վարչական մարզի վեց վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ դոկտորի տիտղոս՝ կրթական մարզի առաջնորդութեան եւ վերահսկողութեան ճիւղերուն մէջ: Ան շարք մը պաշտօններ ստանձնած է շրջանի վարժարաններու եւ համալսարաններու մէջ, կրթական խորհրդատուութիւն կը կատարէ ու վարկաւորման մարմիններու եւ դոկտորականներու յանձնախումբերու կ՛անդամակցի:
Դոկտ. Յակոբեան Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի բարելաւման ջանքերուն վրայ կը շարունակէ կեդրոնացնել իր ուշադրութիւնը, որ պիտի գայ աւելնալու վերջին տարիներու յատկանշական իրագործումներուն վրայ։ Նշենք, որ այդ իրագործումներէն մէկն էր Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ գործակցութեան շնորհիւ հաստատուած այն բանաձեւը, որուն շնորհիւ համալսարանը ամէն Ապրիլ 24ի փակ պիտի մնայ՝ իբրեւ յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, առանց նիւթական վնաս հասցնելու համալսարանին։ Ներկայիս համալսարանին ուսանողութեան շուրջ 40 տոկոսը հայ է։
Դոկտ. Յակոբեան մեծարուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու, ինչպէս նաեւ շարք մը կազմակերպութիւններու կողմէ՝ իր իրագործումներուն համար։