Ահաւասիկ, ի՞նչ կ’ընէ ամուսինս, երբ աշխատանքի չէ: Կը կարդայ, բազմոցին վրայ կը պառկի եւ երկար կը դիտէ կրակը, նամակ մը կը գրէ՝ ձեռագիր, ընկերոջ մը կը հանդիպի եւ գարեջուր կը խմէ, կը նստի տան սեմին ու կը դիտէ ծառերը կամ շնիկներ պտըտցնող երեխաները եւ կամ երեխաները պտըտցնող ծնողները: Երբեմն ան կիթառ կը նուագէ ու երբեմն ալ մրափ մը կ’առնէ:
Վերոյիշեալ տողերը մեզմէ շատերուն համար աւելի երազ են, քան իրականութիւն:
Դժբախտաբար, մեծամասնութեան համար ո՛չ մենք, ո՛չ ալ մեր ամուսինները այդ շռայլութեան առիթը կամ ժամանակը ունինք: Հեռաձայնով խօսած պահուն միաժամանակ կամ կը կերակրենք մեր երեխաները, կամ համակարգիչի վրայ մեր գործին վերաբերող ուսումնասիրութեան մը կը հետեւինք: Ճաշի պահուն ստիպուած կ’ըլլանք երբեմն գործի վերաբերեալ թուղթեր ստուգել: Սուրճը կը խմենք կամ կը շպարուինք ինքնաշարժին մէջ: Այր մարդիկ երբեմն կը սափրուին ինքնաշարժ վարած միջոցին:
Վերջին անգամ կէսօրուան մեր մրափը անձկութեամբ կը յիշենք, որովհետեւ շատ երկար ժամանակ անցած է անկէ:
Ահաւասիկ… կը պարզուի, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻՆՔ…
Նոյնիսկ երբեմն հրաշքով պատահած ազատ ժամանակ մը, յանկարծ յետաձգուած ժողով մը կամ անակնկալ աշխատանքային միօրեայ արձակուրդ մը բաւարար չեն հանգստացնելու մեր հեւքը ու տագնապոտ առօրեան, որովհետեւ այս չսպասուած եւ անակնկալ պարգեւը տակաւին չի բաւարարեր մեր հանգիստի կարիքները:
Ուրեմն ի՞նչ կարելի է եւ պէտք է ընել:
Ըմբռնելով, որ դժգոհանքը համաշխարհային մշակոյթ է, կը հասկնանք նաեւ, որ հանգիստի մեր կարիքը դժգոհանք չէ, այլ՝ նոյնպէս համաշխարհային երեւոյթ:
Շատ մը գործօններու հետեւանքով, մենք եկած ենք այն համոզումին, որ իւրաքանչիւր րոպէ պէտք է անցընել արդիւնաբեր կերպով կամ իւրաքանչիւր րոպէ պէտք է արժեւորել բան մը կատարելով: Մեզմէ շատերուն համար շատ աշխատանքը փրկութեան ճանապարհ կը սեպուի, ուրիշներու համար անընդհատ աշխատանքը զերծ կը պահէ փորձութիւններէ: Չմոռնանք սակայն, մեր մարմիններուն արդար իրաւունքը:
Երբեմնի «ծուլութիւնը» կամ ծրագրուած ինքնանպատակ հանգիստը եւ լիցքաթափումը հրաշալի ազդեցութիւններ ունին մեր մարմիններուն, ինչպէս նաեւ տրամադրութիւններուն ու կարողութիւններու վրայ:
Տանտիկին մը կը գրէ. «Միշտ ընելիքներու մէկ մղոն երկարութեամբ ցուցակ մը ունիմ, այնպէս կը զգամ, թէ այդ ցուցակը ամէն օր կախուած է գլխուս վերեւ ու ամէն անցուդարձին կը հարուածէ ճակտիս, յիշեցնելու համար անհատնում կատարելիքներս»: Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար ուրեմն երբեմն դանդաղեցնել անցուդարձը, որպէսզի «հարուած»ը այնքան ալ ուժգին չըլլայ: Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ երբեմն, նոյնիսկ ընդհանրապէս կասեցնէինք անցուդարձը եւ նստէինք, խուսափելու համար այդ «ցուցակ»ի հարուածէն:
Այո՛, պէտք է մերթ ընդ մերթ հանգստանալ եւ առիթ տալ մեր հոգիներուն, ուղեղներուն եւ մարմիններուն, որպէսզի վերականգնեն իրենց ուժերն ու կարողականութիւնները, պահպանելու համար առողջ ընթացքը:
ԼԻՑՔԱԹԱՓՄԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ
Կարծեմ բոլորս լաւ կը յիշենք մեր մանկութեան ընթացքին զգացած հաճոյքը, երբ անհոգութեամբ կը պառկէինք խոտին վրայ ու աննպատակ կը դիտէինք մրջիւններու տողանցքը: Հիմա, որ «մեծցած» ենք, արդեօ՞ք նոյն հաճոյքին կարիքը չունինք:
Ի ՀԱՐԿԷ…
Ի ՀԱՐԿԷ…
Խնդիրներ լուծելու մեր մտային կարողութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի հանգիստի պահերուն: Հանգիստի ժամանակ եւ նոյնիսկ առանց մեր «գիտակցութեան», մեր մտքերը ազատ կ’ըլլան դասաւորելու հոն կուտակուած տեղեկութիւնները, ձերբազատուելու անկարեւորներէն, որոշ իրողութիւններ իրարու կապելու, տրամաբանական յաջորդականութիւններ ստեղծելու եւ պահելու, կիզակէտը սեւեռելու կարեւորներուն վրայ եւ հետեւաբար գտնելու այն պատասխանները, որոնց կարիքը ունինք:
Կը յիշէ՞ք, երբ յանկարծ կարեւոր լուծումի յանգած էիք երաժշտութիւն ունկնդրած պահուն: Նկատա՞ծ էք, որ ամէնէն պայծառ մտքերը կը փայլատակեն լոգանքի պահուն, յատկապէս եթէ քիչ մը երկար ժամանակ մնաք բաղնիքը: Հաւանաբար ապրած էք այն փորձառութիւնը, երբ քնանալէն անմիջապէս առաջ, յանկարծ պատասխան մը գտած էք կարեւոր հարցի մը, որուն մասին մտածած էիք ամբողջ… շաբաթ մը:
Ուրեմն, սիրելի կիներ եւ մայրեր, այս բոլորին կարելիութիւնը մեզի համար բաւական դժուար է, սակայն չափազանց անհրաժեշտ է: Մանաւանդ մեր հանգիստի ժամերը մեր ընտանիքներուն տրամադրելը շատ կարեւոր է ու ներդրում մը կը համարուի մեր ընտանեկան կեանքին ու զաւակներու ապագային համար:
Համոզուեցէք, որ այդ անյետաձգելի համարուած գործէն աւելի անհրաժեշտ է մեր ամուսիններու ու զաւակներուը հետ մեր ներկայութիւնը եւ ժամանակ տրամադրելը անոնց: Այս մէկը երկար ժամանակի համար կատարուած ներդրում մըն է, որուն բարիքները կրնանք վայելել աւելի ուշ, բայց… անապայման: