Միջին Արեւելքի Իրաք-Լիբանան-Պաղեստին եռանկիւնին մէջ «հանելուկային» վիճակ ստեղծուած է վերջին ամիսներուն։
Մինչեւ մօտաւորապէս տարի մը առաջ, իրաքցի ընդդիմադիրներ մեծաւ մասամբ իրենց զէնքերը ուղղած էին այն ուժերուն դէմ, զորս կը նկատէին իրենց երկիրը գրաւողներ։ Ճիշդ է, որ կային միջ-համայնքային՝ սիւննի-շիի հինաւուրց հակադրութեանց ու մրցակցութիւններու դրսեւորումներ, սակայն այդ հակադրութիւնները կը ստորադասուէին օտարամուտ ուժերու դէմ պարզուող ճակատներուն, հոգ չէ թէ արեւմտեան մամուլը տարբեր գունաւորումներով կը ներկայացնէր Իրաքի վիճակը։ Յետոյ, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, ծայր տուին նոր տեսակի ռմբահարումներ. շիիներու եւ սիւննիներու պատկանող մզկիթներ «փոխադարձաբար» ականահարուեցան, կարգ մը քաղաքներու մէջ ծայր տուին համայնքային մաքրագործումներ ու բեւեռացումներ, հետեւանքը եղաւ այն, որ ամիսներէ ի վեր Իրաք կ՚ապրի քաղաքացիական չյայտարարուած պատերազմի մը մթնոլորտին մէջ, արեւմտեան մամուլը ոչինչ կը խնայէ հակադրութիւններն ու ռմբահարումները ներկայացնելու իբրեւ միջ-համայնքային տագնապի մը սրումը։ Իւրաքանչիւր օրուան հետ, իրաքցիք հողին կը յանձնեն միջին հաշուով հարիւր զոհ՝ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ անմեղ քաղաքայիններ…
***
Մինչեւ անցեալ Յուլիս, պաղեստինեան-իսրայէլեան հակադրութեան ծիրը ըստ բաւականին յստակ էր. ճիշդ է, որ ՊԱԿով (Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւն, PLO) ներկայացող պաղեստինեան աւանդական ղեկավարութեան եւ «Համաս»ին միջեւ կար բացայայտ կամ լուռ մրցակցութիւն, ճիշդ է, որ այդ մրցակցութիւնը քանիցս պատճառ դարձած էր զինեալ բախումներու, սակայն այդ ճակատումները կը մնային հակակշիռի տակ։ Յետոյ, անցեալ ամրան սկիզբը արձանագրուեցաւ իսրայէլացի զինուորի մը առեւանգման ծանօթ միջադէպը, որուն հետեւանքով իսրայէլեան ահաւոր յարձակողականը շղթայազերծուեցաւ Կազայի վրայ։
ՊԱԿի ու «Համաս»ի կեցուածքը միասնականացաւ. զոյգ խմբաւորումներուն ղեկավարները գրեթէ նոյն արտայայտութիւններով արձանագրեցին իրենց ընդվզումն ու դատապարտումը անմեղներու ջարդին։ Յարձակողականին դադրեցումէն կարճ ատեն մը ետք, յատկապէս աշունէն ասդին, տագնապը յանկարծ հուն ու գույն փոխեց, վերածուեցաւ միջ-պաղեստինեան մրցակցութեան մը, որ դուռը լայն բացաւ զինեալ ճակատումներու դիմաց, մեկնաբաններ սկսան բարձրաձայն կերպով խօսիլ միջ-պաղեստինեան քաղաքացիական պատերազմի մը հաւանականութեան մասին. բախումները վերածուեցան միջ-պաղեստինեանի, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ, պաղեստինեան զէնքը յստակօրէն ուղղուած էր գրաւող ուժին՝ Իսրայէլի դէմ…
***
Կազայի վրայ յարձակումէն քանի մը շաբաթ ետք, Իսրայէլ ծանօթ յարձակողականը շղայազերծեց Լիբանանի վրայ, պատճարաբանելով «Հըզպալլա»ի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր զինուորներէն երկուքին ձերբակալումը։ Աւելի քան ամիս մը, Լիբանան ահաւոր, նորագոյն պատմութեան մէջ հազուադէպօրէն ա՛յդքան վայրագ յարձակողականի մը թիրախ դարձաւ. լիբանանեան բոլոր կողմերն ու հոսանքները հազուադէպ միաձայնութեամբ բողոքի ձայն բարձրացուցին վայրագութեանց դէմ։ Յետոյ, պատերազմը դադրեցաւ, վէրքերը տակաւին չեն սպիացած, եւ սակայն, Լիբանանի քաղաքական-ռազմական ասպարէզները դիմափոխութիւն ապրած են, երկրին ոչ մէկ շրջանը խնայող Իսրայէլի դէմ արդարօրէն կազմուած միասնակամութիւնը մսխումի մատնուած է եւ տագնապը սկսած է վերստին գունաւորուիլ «ներքին հակամարտութիւններու» դիմակով, մեկնաբաններ ու «մասնագէտներ» դարձեալ սկսած են հրապարակ նետել «Լիբանան դարձեալ քաղաքացիական պատերազմի մը սեմին» իմաստ)ակ(ութիւնը…
***
Իրաքի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ դիմաշրջումները ինչպէ՞ս պատահեցան. ինչպէ՞ս եղաւ, որ քիչ մը ամէն տեղ «արտաքին թշնամի»ին դէմ ուղղուած զէնքերը սկսած են դարձեալ լարուիլ «ներքին հակառակորդներու» դէմ։ Սա մոգական ո՞ր գաւազանն է, որ երէկի արդար պայքարները կը վերածէ ներքին հակադրութիւններու եւ քաղաքացիական պատերազմի բնոյթով զարգացումներու դուռ կը բանայ։
Ահա հոս է «հանելուկ»ը։
Ընթերցողս վստահաբար անդրադարձաւ, որ ինչո՛ւ չակերտած ենք հանելուկ բառը։ Ան գիտէ, թէ այս բոլորին մէջ հանելուկային ոչինչ կայ, այլ կայ ժողովուրդ մը, որ ամէն օր ու հանգրուան առ հանգրուան զոհ կը դառնայ պետական ու քաղաքական կարգ մը դրածոյ առաջնորդներու մատակարարուող նիւթական ու մեծամտական «ներշնչումներուն»։