
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ 44 տարիներ շարունակ իրագործուող Նաւասարդեան մարզախաղերը, որոնք թագաժահրին պատճառով երկու տարի դադրած էին, այս տարի դարձեալ մեծ շուքով պիտի կազմակերպուին՝ շնորհիւ Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերը հովանաւորող պատուոյ նախագահներ տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեաններուն, անգամ մը եւս ոգեւորելով համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդներն ու անդամները:
Արա եւ Ալին Չաղլասեան ամոլը ծանօթ եւ ճանչցուած անուն մըն է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի շրջանակին մէջ:
Արա Չաղլասեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, հայրենասէր ընտանեկան յարկի մը տակ, ուր վայելած է մեծ քրոջ՝ Նորային, գուրգուրանքը եւ կրտսեր եղբօր՝ Շահէին, սէրը: Հայրը եղած է ՀՄԸՄական: Մէկ տարեկանին ընտանեօք փոխադրուած են Սին ըլ Ֆիլ, Լիբանան, ուր իր նախնական կրթութիւնը ստացած է շրջանի Նազարեան նախակրթարանին մէջ, ապա՝ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի անապահով պայմանները թոյլ չեն տար յաճախելու Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը: 1986ին կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ՝ շարունակելու իր բարձրագոյն ուսումը եւ Cal State Long Beach համալսարանէն կը վկայուի իբրեւ երկրաչափ:
Ան կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան ու պարտաճանաչութեան՝ իր անձնական առաջին American Tire Depot խանութը կը բանայ Օրենճ Քաունթիի մէջ:
Ալին Զոպեան Չաղլասեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, միութենասէր ընտանիքի մը մէջ: Դուստրն է բժիշկ Վահէ Զոպեանի, որ երկար տարիներ եղած է Հայկազեան Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամ: Ալինը նախնական ուսումը ստացած է Հայկազեան Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին, ապա վկայուած է Հալէպի Hotel Management համալսարանէն: Անդամակցած է ՀՅԴ պատանեկան միութեան: 1992ին՝ հօր վաղաժամ մահէն ետք, մօր՝ Սեդային, եւ եղբօր՝ Բարսեղին, հետ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ: Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ծառայելու ժամանակաշրջանին ծանօթացած է իր ապագայ կողակիցին՝ Արային, եւ 1995ին կազմած են իրենց ընտանեկան բոյնը՝ Օրենճ Քաունթիի մէջ:
Արան եւ Ալինը յոյժ Հաւատքով եւ համբերութեամբ յաղթահարած են ամէն դժուարութիւն եւ յաջողութեամբ կերտած իրենց ապագան: Չաղլասեան ամոլը բախտաւորուած է երեք մանչ զաւակներով՝ Արսէն, Վահէ եւ Արմէն: Իբրեւ տիպար ծնողք՝ քրիստոնէական հաւատքով, ընտանեկան վեհ արժէքներով ու հայեցի կենցաղով դաստիարակած են իրենց զաւակները՝ զանոնք ուղարկելով հայկական ազգային վարժարաններ եւ միշտ քաջալերելով մաս կազմելու ՀՄԸՄի մարզական խումբերուն ու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերուն (ՀԵԴ): Արսէնը եւ Վահէն անդամակցած են ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղին՝ իբռեւ պասքէթպոլի մարզիկներ, իսկ Արմէնը՝ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի պասքէթպոլի խումբին:
Ալինը անսակարկ զոհողութեամբ յանձն առած է օրինակելի հայ մօր պարտականութիւնները, ըլլա՛ն անոնք դպրոցական, մարզական կամ միութենական, արմատացնելով իր զաւակներու հոգիներուն մէջ հայրենասիրութիւնը:
Չաղլասեան ընտանիքը ամէն տարի իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ փառատօնին:
Ազգանուէր Չաղլասեան զոյգը միշտ իրենց յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած է հայ եկեղեցին, կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները: Յատուկ յիշատակումի արժանի է անոնց բարերարութիւնը վայելող Պըրպենքի Հայ կեդրոնի ՀԵԴի ժողովասենեակը, որ կը կրէ «Արսէն Չաղլասեան» անունը՝ ի յիշատակ Արայի հանգուցեալ հօր:
Արան պարգեւատրուած է Հայ Ողնածուծի նուիրատուներու հիմնարկութեան, SBA՛s State of California Entrepreneurial Success եւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու մրցանակներով, իր անխոնջ ծառայութիւններուն համար:
Արային հաստատումով՝ ՀՄԸՄը ամէնէն հզօր ամրոցն է, որ կը համախմբէ ամերիկահայ երիտասարդութիւնը՝ ներշնչելով մարմնակրթական եւ ընկերային առողջ դաստիարակութիւն, որ կ՛ամրապնդէ նոր սերունդի հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթի կապերը:
«Սկիզբը, Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահի տիտղոսը եւ լուսարձակի տակ ըլլալու գաղափարը զիս կը մտահոգէր, սակայն, փորձառութեամբս՝ իբրեւ մայր, երբ մտածեցի, թէ Նաւասարդեան մարզախաղերը որքան խանդավառութիւն պիտի ստեղծեն մարզիկներու եւ սկաուտներու մօտ, ու հազարաւոր պատանիներու դէմքին ժպիտ պիտի սփռեն, մեծ ոգեւորութեամբ եւ գոհունակութեամբ փափաք յայտնեցինք ստանձնելու պատուոյ նախագահութիւնը», համեստութեամբ յայտնեց Ալինը:
Չաղլասեան ամոլին համար ՀՄԸՄը մեծագոյն հայկական մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւնն է, որուն անդամները կը սորվին հայրենասիրութիւն, ընկերասիրութիւն, կարգապահութիւն եւ մարզական ոգի ու ձեռք կը բերեն կեանքի լայն փորձառութիւններ՝ գիտակցելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն ՀՄԸՄի մեծ կամաւոր բանակին, որուն շնորհիւ կ՛իրագործուին Նաւասարդեան Մարզախաղերը եւ բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Տէր եւ տիկ. Արա եւ Ալին Չաղլասեանները, հաւատալով ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն՝ պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելով, փառահեղ նոր էջ մը պիտի աւելցնեն ՀՄԸՄի պանծալի պատմութեան մէջ:
ՀՄԸՄի Մեծ ընտանիքին անունով կը շնորհաւորենք Չաղլասեան զոյգը եւ բարձր կը գնահատենք անոնց հայրենասիրութեան եւ նուիրումի ոգին, իբրեւ բարի օրինակ ՀՄԸՄասէր հայերուն, ստանձնելու ՀՄՄԸի ապագայ սերունդներու ազգային դիմագիծի կերտման եւ բարգաւաճման յանձնառութիւնը: