
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, «Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը բացուած կը յայտարարէ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի համար դիմումնագիրներ ընդունելու ժամանակաշրջանը:
Հանգուցեալ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ այն հայ ուսանողներուն, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութիւններու կալուածներուն մէջ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող վարկաւորում ստացած որեւէ համալսարանի մը կամ քոլեճի մը մէջ:
Դիմումնագիրի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.
Ա. Նամակ մը, որուն մէջ նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքին մէջ վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան եւ ե-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողի լուսանկարը:
Բ. Անջատ թուղթի վրայ, դիմողը պէտք է նշէ սփիւռքահայութեան հետ առնչութիւն ունեցող եւ զինք մտահոգող պարագայ մը կամ երեւոյթ մը, ապա արձանագրէ իր անհատական առաջարկ-լուծումները՝ կապուած նշեալ հարցին:
Գ. Ուսանողական վկայագիր, ամերիկեան օրինական համալսարան մը կամ գոլէճ մը ընդունուած ըլլալուն մասին, ուսումնական տուեալ հաստատութեան յստակ հասցէով:
Դ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցանկը:
Ե. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):
Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս՝ յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ե-նամակի դրութեամբ, առ ի փոխանցում հիմնադրամի յանձնախումբին:
HARUT BARSAMIAN ARMENIAN STUDENTS SCHOLARSHIP FUND
C/O WESTERN PRELACY
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
info@westernprelacy.org
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ