Ուրբաթ, 6 Մայիսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը՝ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Աւօ Քապաքչուզեանի:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ-քրիստոնեայ անհատի կեանքը յուզող հարցեր, ապա իբրեւ այցելութեան գլխաւոր նպատակ՝ հիւրերը խորհրդանշական գումար մը յանձնեցին սրբազան հօր, առ ի գործածութիւն մարդասիրական նպատակներու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ