Երեքշաբթի, 10 Մայիսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի մէջ գործող Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային երկրորդական վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աւարտական՝ 5րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտներուն՝ գլխաւորութեամբ նախակրթարանի տնօրէնուհի դոկտ· Սիւզի Օհանեանի եւ դաստիարակ ուսուցիչներու:
Կրտսեր եւ պատանի աշակերտները խմբական դրութեամբ աղօթեցին, արտասանեցին ու երգեցին, այլեւ վերի կարգէն չորս պարմանուհիներ հայկական պար ներկայացուցին, աղօթական-քրիստոնէական ու ազգային-հայրենասիրական հանդէսի խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով Ազգային առաջնորդարանին եւ ներկաներու սիրտերուն մէջ: Աշակերտական հանդէսին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատանքի իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով կանգ առաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գրիչին պատկանող եւ Ս. Կոյս Մարիամի նուիրուած աղօթքի աշակերտական արտասանութեան երեւոյթին վրայ, բարձր գնահատելով աշակերտներուն ցուցաբերած հաւատքը եւ երկիւղածութիւնը՝ իրենց հայ-քրիստոնեայի մանուկ էութեան մէջ եւ նշելով. «Սիրելի աշակերտներ, դուք շատ գեղեցիկ արտասանութիւն, երգ ու պար ներկայացուցիք: Բայց ես ամէնէն շատ սիրեցի այն պահը, երբ դուք այնքան գեղեցիկ, այնքան հայկական ու քրիստոնէական աղօթեցիք: Ձեր աղօթքը այնքան կատարեալ ու անթերի հնչեց, որ դպրոցի մը աշակերտներէն սպասուածը այսքա՛ն կրնայ ըլլալ: Իրօք, այսօր Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանը մեզի ներկայացուց լաւագոյնը՝ աղօթքի, արտասանութեան, երգի ու պարի առումով»:
Աւարտին, այցելու աշակերտները անակնկալ նուէր մը մատուցեցին առաջնորդ սրբազան հօր, որ, իր կարգին, վիզի փայտեայ խաչեր նուիրեց անոնց, միաժամանակ գնահատանքի ջերմ խօսքեր ուղղելով վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն՝ հայ-քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրին մէջ գործադրած անոնց յոյժ ողջունելի եւ անխոնջ ջանքերուն համար:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
