«Դպրոցի բացման եւ վերամուտի ուրախ առիթներով, հրապարակաւ եւ երախտապարտ հոգիով շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Լինսի» հիմնարկին, որ անգամ մը եւս 100,000 տոլար նուիրեց դպրոցին», կը հաղորդէ «Սահակ-Մեսրոպ» հայ քրիստոնեայ վարժարանը, որ հաղորդագրութեան մէջ դպրոցիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, աշակերտներուն եւ ծնողներուն երախտագիտական զգացումները կը փոխանցէ «Լինսի» հիմնարկին։
Վարժարանը հիմնուած է 1980ին։ 2004-2005 տարեշրջանին դպրոցը սկսաւ իր երկրորդական բաժնի ծրագիրը, իսկ 2006-2007 տարեշրջանին կը ծրագրէ տալ իր երկրորդական վարժարանի առաջին հունձքը։
Վարժարանը որակաւորուած է ACS-ի եւ WASC-ի կողմէ եւ կը հետեւի համալսարանի պատրաստութեան դասընթացքներու։
«Լինսի» հիմնարկին նուիրատուութիւնը մեծապէս նպաստած է դպրոցին երկրորդական բաժնի ծրագրին յաջողութեան։