
Ինչպէ՞ս Սպաննուեցան Ճէմալ Ազմին Եւ Պէահէտտին Շաքիրը
Մարսէլի «Արմէնիա»ի Ճենովայի թղթակիցը հետեւեալ մանրամասնութիւնները կը քաղէ Բերլինի մէջ հրատարակուող «Վօսիշէ Ցայտունգ»էն, երկու թուրք պետական մարդոց սպանութեան մասին.-
«Ճէմալ Ազմի պէյ՝ 40 տարեկան, իր ընտանեօք երեք տարիէ ի վեր Բերլին կը բնակէր։ Իրեն շատ մօտիկ կը բնակէր իր բարեկամը՝ Պէահէտտին Շաքիր պէյ, նոյնպէս ընտանեօք։ Ապրիլ 17ի երեկոյեան, երկու ընտանիքները հաւաքուած էին ընտանեկան հանդէսի մը շուրջը, Ճէմալ Ազմիի տունը։ Կէս գիշերին ամէնքը դուրս կ՛ելլեն ուղեկցելու Պէահէտտին Շաքիրի եւ տիկնոջ։ Առջեւէն կ՛ընթանային կանայք եւ երեխաներ, իսկ 10-15 քայլ ետեւէն կը քալէին երկու տղամարդիկն, իրենց մէջտեղն ունենալով Թալէաթ փաշայի այրին։ Ճիշտ այդ պահուն, երբ խումբը կը հասնէր Պէահէտտին Շաքիրի տան դրան առջեւ եւ կը պատրաստուէին բաժնուիլ իրարմէ, անկիւնէ մը կայծակի արագութեամբ դուրս նետուեցան երկու անծանօթներ, որոնք Թալէաթ փաշայի այրին մէկ կողմ քաշելով ատրճանակի հարուածներով զգետնեցին երկու թուրքերը, որոնց մահը վայրկեանական եղաւ։ Արտակարգ իրարանցումէն օգտուելով, սպաննիչները անհետացան։
Ոստիկանութիւնը անմիջապէս փութաց դէպքին վայրը եւ սկսաւ իր հետապնդումներուն, բայց ապարդիւն։ Կ՛ենթադրուի, որ դէպքի հեղինակները երեք հոգի եղած են, որոնցմէ մին՝ հեռուէն շարունակ ատրճանակ պայթեցնելով օդին մէջ, որպէսզի դիւրացնէ բուն սպաննիչներուն փախուստը»։
Թերթերը միաբերան կ՛արտայայտուին թէ. «Ոչ մէկ տարակոյս չկայ, որ սպանութիւնը քաղաքական բնոյթ ունի, որովհետեւ կ՛ըսուի, թէ երկու զոհերն ալ գործօն մասնակցութիւն ունեցած են հայկական ջարդերուն մէջ։ Ուրեմն կասկած չկայ որ սպանութիւնը հայկական վրէժխնդրութեան ակտ (արարք) մըն է»։
(Յապաւուած)
Մայիս 16, 1922, թիւ 853