ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի 4րդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 18 Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ: Այս մասին յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի կայքը:
Կը նշուի, որ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմ յարաբերութիւնները եւ քաղաքական հարցեր:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները եւ Հայաստան միտքեր պիտի փոխանակեն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ:
Պիտի քննարկուին քաղաքական երկխօսութեան, ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի հեռանկարներուն:
Մասնակցողները պիտի քննարկեն նաեւ տարածաշրջանային հարցեր (Ռուսիոյ-Ուքրանիա, Թուրքիա, Իրան), ինչպէս նաեւ Արցախի հարցը: